Սուրիոյ Առողջապահութեան Նախարարութիւնը յայտարարեց, որ պսակաձեւ ժահրով վարակուած նոր պարագայ մը եւս արձանագրուած է։ Վարակուած անձը Սուրիա-Յորդանան ճամբուն վրայ աշխատող վարորդ է։
Այսպիսով, մինչեւ օրս Սուրիոյ մէջ արձանագրուած վարակուածներուն թիւը կը հասնի 124-ի, որոնցմէ 53-ը բուժուած են, իսկ 6-ը՝ մահացած։