Երեք տարի առաջ գործարկուեցաւ ՀԱՅԿԱՇԽԱՐՀ www.armlands.com արեւմտահայերէն մանկապատանեկան կայքը՝ նպատակ ունենալով պահպանել եւ զարգացնել համապատասխան տարիքի աշակերտներու արեւմտահայերէնը։

Մէկ ամիսէ ի վեր՝ կայքի կողքին կը գործէ ՀԱՅԿԱՇԽԱՐՀ-yօutube ալիքը, ուր տեղ կը գտնեն տարբեր տարիքի համար, մատչելի արեւմտահայերէնով եւ գրաւիչ ձեւաչափով տեսանիւթեր, որոնք այժմ մաս կը կազմեն Ամերիկայի, Գ
Քանատայի, Քուէյթի, Ֆրանսայի եւ այլ երկրներու հայկական դպրոցներու կրթական ծրագիրին։ Կայքն ու ալիքը հետեւորդներ ունին աշխարհի աւելի քան 18 երկիրներէն եւ այս կարճ ժամանակի ընթացքին ունեցած են 10.000-է աւելի դիտումներ, որոնց զգալի մասը եղած է խմբակային դասերու ընթացքին։

Թիւեր եւ կենդանիներ, երկրաչափական ձեւեր, նուագարաններ, այբուբեն, գոյներ, կենդանիներ եւ ձագեր՝ տեսանիւթեր են, զորս հաճոյքով կը դիտեն դեռ դպրոց չյաճախած աշխարհի հայ փոքրիկները։

Շուշիի ազատագրումը, Շուշիի ազատագրումը 2, Մենք-Հայաստան, Մենք-Արցախ, Հայաստանի առաջին հանրապետութիւնը, բուրդ, բամպակ եւ մետաքս, հինգ զգայարանները՝ ուսուցողական տեսանիւթեր են նախակրթարանի աշակերտներու համար։

Հեքիաթներու շարք, հեքիաթները կը կարդան հանրածանօթ դէմքեր՝ մանկագիր, ՀՀ նախագահի Տիկին Նունէ Սարգսեան, Հայաստանի վաստակաւոր արուեստագէտ Սիլվա Իւզպաշեան եւ սիրուած դերասան Դաւիթ Յակոբեան։

ՀԱՅԿԱՇԽԱՐՀ-yօutube շաբաթական նուազագոյնը երկու նիւթ պիտի ներկայացնէ իր հետեւորդներուն։

ՀԱՅԿԱՇԽԱՐՀ- ամէն օր նորութիւններ եւ ուսուցողական տեսանիւթեր պիտի մատուցէ իր ընթերցողներուն։

Ծանօթ. Նիւթերը դիտելու համար սեղմեցէ’ք կապոյտ բառերուն վրայ։