«Երկիր».-Apple-ը առաջին լուրջ քայլը առաւ տնտեսական ծառայութիւններու ընկերութեան վերածուելու ուղղութեամբ, երբ անցեալ տարի Apple Card-ը` առանց ձգեց, ապա յայտնեց, որ բացի ակնյայտ օգուտներէն կը միտի օգտատէրերուն օրինականութիւնը պահպանել եւ Apple-ի արտադրանքը գնել շարունակել:
Հետագային սյդ գաղափարը կրնայ աւելի զարգանալ, եթէ լուրերը ճշգրիտ ըլլան: Քուփերթինոյի ընկերութիւնը կը ծրագրէ յառաջիկայ շաբաթներուն նոր ծառայութիւն սկսիլ` Apple Card-ով ամենամսեայ վճարման միջոց ստեղծելով ամենաշատ վաճառուող ապրանքներու մեծամասնութեան ձեռքբերման կարելիութեամբ:
Որոշ ապրանքներու` iPad-ներու, Mac-երու, Apple Pencil-ներու, ստեղնաշարերու, Mac XDR Display-ներու արժէքը պիտի բաժնուի 12 ամիսներու վրայ, իսկ միւսներունը` iPod- ներու, Apple TV հաւելուածներու, կամ HomePod-ներու համար` 6 ամսուան վրայ: Ամէն պարագային որեւէ միջնորդավճար չկայ:
Վճարումները պիտի կատարուին Wallet հաւելուածին Apple Card բաժինի միջոցով: