Ազգային ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեան 10 Յունիսին ԱԺ մշտական յանձնաժողովներու եւ խմբակցութիւններու ղեկավարներուն մասնակցութեամբ աշխատանքային խորհրդակցութեան հրաւիրած է` «Արցախ-Կիպրոս» բարեկամութեան շրջանակ ձեւաւորելու նպատակով: Խորհրդակցութեան հրաւիրուած է նաեւ Արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Արմինէ Ալեքսանեան:

ԱԺ նախագահը, խորհրդակցութիւնը բաց յայտարարելով յայտնած է, 6 Մարտին Կիպրոսի մէջ Արցախի հետ բարեկամութեան շրջանակ ստեղծելու մասին: Շրջանակին կ’անդամակցին Կիպրոսի խորհրդարանի, քաղաքային խորհուրդի անդամներ, յայտնի քաղաքական գործիչներ եւ գիտնականներ:
«Շրջանակին հետ գործակցութիւնը գործնական դաշտ տեղափոխելու նպատակով` անհրաժեշտ կը համարեմ Արցախի խորհրդարանին հովանիին ներքեւ կազմաւորել Արցախի մէջ Կիպրոսի հետ բարեկամութեան շրջանակ»,ընդգծած է Արթուր Թովմասեան:
Հրապարակելով Արցախ-Կիպրոս բարեկամութեան շրջանակին կազմը` խորհրդարանի ղեկավարը յոյս յայտնած է, որ կ’ընդլայնուի եւ իր գործունէութեամբ պիտի նպաստէ ինչպէս Արցախի միջազգային ճանաչման, նոյնպէս ալ` Արցախի եւ Կիպրոսի միջեւ գործնական յարաբերութիւններու սերտացման:
«Արցախ-Կիպրոս» բարեկամութեան շրջանակ
Նախագահ` Արթուր Թովմասեան (Արցախի Հանրապետութեան ԱԺ նախագահ)
Գլխաւոր քարտուղար` Արմինէ Ալեքսանեան
Անդամներ`
Աշոտ Ղուլեան (6-րդ գումարման ԱԺ նախագահ)
Գեղամ Ստեփանեան («Արցախի Ժողովրդավարական Կուսակցութիւն» խմբակցութիւն)
Արթուր Մոսիյեան («Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն» խմբակցութիւն)
Վահրամ Բալայեան («Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն» խմբակցութիւն)
Դաւիթ Գալստեան (Արցախի «Արդարութիւն» խմբակցութիւն)
Սէյրան Հայրապետեան («Միասնական Հայրենիք» խմբակցութիւն)
Գոհար Սարգսեան («Միասնական Հայրենիք» խմբակցութիւն)
Արթուր Յարութիւնեան («Ազատ Հայրենիք» խմբակցութիւն)
Արամ Գրիգորեան («Ազատ Հայրենիք» խմբակցութիւն)
Արմէն Յակոբեան («Ազատ Հայրենիք» խմբակցութիւն)
Լեռնիկ Յովհաննիսեան (ԱՐՊՀ դասախօս)
Ռոպերթ Ղահրամանեան (ԱԺ աշխատակազմի ղեկավար)
Սիրանոյշ Սարգսեան (ԱԺ Գիտութեան, Կրթութեան, Մշակոյթի, Երիտասարդութեան եւ Մարմնակրթութեան հարցերու մշտական յանձնաժողով)
Սոֆի Իւանիտիս (Արցախի յունական համայնքի ներկայացուցիչ)
Բարեկամութեան շրջանակի քարտուղար` Լիլիթ Ասրեան (ԱԺ լրատուութեան եւ հանրութեան հետ կապերու բաժինի վարիչ):
Ամփոփելով խորհրդակցութեան արդիւնքները` ԱԺ նախագահը գոհունակութեան եւ երախտիքի խօսք ուղղած է Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին, արտաքին գործոց նախարարութեան եւ ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի եւ Կիպրոսի յանձնախումբերուն` Կիպրոսի շրջանակի ստեղծման գործին հանդէպ ցուցաբերած անգնահատելի աջակցութեան համար:

Արցախի Հանրապետութեան
ԱԺ Լրատուութեան եւ Հանրութեան Հետ Կապերու Բաժին