ՀՅԴ կառոյցները հետեւողական աշխատանք կը տանին, որպէսզի Արցախի բարեկամներու շրջանակը օրէցօր ընդլայնուի: «Ապառաժ»-ի հետ զրոյցին մէջ նշած է Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ, ՀՅԴ Արցախի ԿԿ անդամ Վահրամ Բալայեան` խօսելով 10 Յունիսին ձեւաւորուած «Արցախ-Կիպրոս» բարեկամութեան շրջանակին մասին:
Անոր խօսքին համաձայն` ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի եւ Կիպրոսի յանձնախումբերու ջանքերուն շնորհիւ 6 Մարտին Կիպրոսի մէջ ձեւաւորուած է Արցախի հետ բարեկամութեան շրջանակ, որուն կազմէն ներս ընդգրկուած են պատգամաւորներ, հասարակական-քաղաքական գործիչներ եւ մտաւորականներ: Յանձնախումբի ձեւաւորման գործին մէջ Վահրամ Բալայեան կարեւոր համարած է երկկողմ այցելութիւնները, միատեղ աշխատանքը:
«Բարեկամութեան շրջանակներու ընդլայնումը նպաստաւոր պայմաններ կը ստեղծէ Արցախի միջազգային ճանաչման համար, լոպիստական աշխատանք կը կատարուի` որով թոյլ չի տրուիր Ատրպէյճանի հակահայկական ծրագիրները իրականութիւն դառնան», աւելցուցած է Վահրամ Բալայեան: