8 Յունիսին, Արցախի Հանրապետութեան (այսուհետեւ՝ ԱՀ) նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան ստորագրած է շարք մը հրամանագիրներ, որոնց համաձայն ՀՅԴ-ի անդամներ նշանակուած են շարք մը պաշտօններու վրայ: Մասնաւորապէս, ԱՀ Շահումեանի շրջանի վարչակազմի ղեկավար Գագիկ Մարտիրոսեան հեռացուած է իր պաշտօնէն՝ նշանակուելով ԱՀ տնտեսական` արտադրական ենթակառոյցներու նախարարի տեղակալ, իսկ Ազատուհի Սիմոնեան նշանակուած է ԱՀ նախագահի խորհրդական-Արցախի Հանրապետութեան Նախագահի յատուկ յանձնարարութիւններու գծով ներկայացուցիչ՝ Սփիւռքի հարցերով:
«Ապառաժ» ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեանին հարցուց, թէ այս նշանակումները որքանո՛վ կը համապատասխանեն ԱՀ նոր կառավարութեան մաս չկազմելու ՀՅԴ Արցախի ԿԿ-ի յայտարարութեան:
Դաւիթ Իշխանեան վերահաստատելով, որ Դաշնակցութիւնը մաս չի կազմեր ձեւաւորուող կառավարութեան, դիտել տուած է, որ ընդդիմադիր ըլլալ չի նշանակեր, որ ՀՅԴ քատրերը չեն կրնար իրենց նպաստը բերել պետութեան տարբեր ոլորտներու զարգացման: «Ինչպէս նախկին հարցազրոյցներուն մէջ նշած էի, Արցախի մէջ ընդդիմութիւն եւ իշխանութիւն ըլլալը ինքնանպատակ չի կրնար ըլլալ: Հիմնական հարցը երկրի զարգացման եւ բարգաւաճման նպաստելն է: Այդ առումով հարց չենք տեսներ կարող կուսակցական ընկերներու տարբեր պաշտօններու վրայ պատասխանատուութիւն ստանձնելը: Պէտք է աւելացնեմ, որ Գագիկ Մարտիրոսեան Կեդրոնական Կոմիտէի համաձայնութեամբ  նշանակուած է համապատասխան պաշտօնին վրայ: Սակայն նոյնը չեմ կրնար ըսել Ազատուհի Սիմոնեանի պարագային: Ան Հայաստանի Հանրապետութեան ՀՅԴ կառոյցի անդամ է, տուեալ պաշտօնին անցնելու համար չէ ստացած ՀՅԴ Արցախի ԿԿ-ի համաձայնութիւնը, ուստի անոր հարցը պիտի քննարկուի կուսակցութեան մակարդակով: Զարմանալի է նաեւ, որ պաշտօնապէս հրապարակուած Ա. Սիմոնեանի կենսագրութեան մէջ կը բացակայի անոր ՀՅԴ անդամ ըլլալու հանգամանքը», աւելացուցած է Դաւիթ Իշխանեան:
Անդրադառնալով նախատեսելի այլ նշանակումներու հարցին,  ՀՅԴ Արցախի ԿԿ-ի ներկայացուցիչը չի բացառեր այդ մէկը՝ շեշտելով, որ այդ նշանակումները տեղի կ’ունենան միայն ԿԿ-ի համաձայնութեամբ: «Տարբեր շրջաններու մեր կառույցներուն արդէն տեղեկացուցած ենք, որ ԱՀ իշխանութիւններուն հետ յարաբերութիւնները պէտք է հաստատուին ՀՅԴ Արցախի ԿԿ-ի միջոցով եւ տեղեկութեամբ», ըսած է Դաւիթ Իշխանեան՝ ակնարկելով ԱՀ իշխանութիւններուն եւ ՀՅԴ համահայկական կառոյցի շրջանակներուն միջեւ յարաբերութիւններուն: