Արամ Ա. կաթողիկոս թեմերուն ուղղած իր շրջաբերական նամակով առաջնորդ սրբազաններուն եւ Ազգային իշխանութեանց թելադրեց, որ Կիրակի, 7 Յունիսէն սկսեալ, եկեղեցիները պատրաստ պէտք է ըլլան ընդունելու հաւատացեալները եւ մասնակից դառնալու Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին եւ ընդհանրապէս եկեղեցական արարողութիւններուն:
Արդարեւ, համաճարակին ստեղծած պայմաններուն պատճառով եւ ժողովուրդի զաւակները համաճարակի վտանգէն հեռու պահելու նախանձախնդրութենէն մեկնելով, անցնող շուրջ երեք ամիսներուն ընթացքին եկեղեցական արարողութիւնները առցանց կերպով կատարուած էին: Այս օրերուն, նկատի ունենալով զանազան երկիրներու մէջ պետական կառոյցներուն կողմէ կատարուած թելադրութիւնները, յարմար կը նկատենք, որ եկեղեցիները սկսին ընդունիլ ժողովուրդի զաւակները: Թեմերուն ուղղուած վերոյիշեալ շրջաբերականին մէջ վեհափառ հայրապետը թելադրեց հետեւեալները.
1) Ծխային եկեղեցիները հաւատացեալները ընդունին՝ միշտ նկատի ունենալով տեղական պայմանները եւ եկեղեցիներու ֆիզիքական կարելիութիւնը:
2) Հաւատացեալները պարտին միշտ դիմակ գործածել եկեղեցիին մէջ եւ պահել պահանջուած ֆիզիքական հեռաւորութիւնը:
3) «Ողջոյն»ի ժամանակ պատարագիչը Ս. խորանին եւ կամ ատեանի երիցագոյն հոգեւորականը ժողովուրդը կ’օրհնէ «Ողջոյն»ը փոխանցելով. իսկ հաւատացեալները, իրենց կարգին, զիրար կ’ողջունեն՝ միշտ նոյն հեռաւորութիւնը պահելով:
4) Ս. հաղորդութիւն պիտի տրուի հաւատացեալներուն. սակայն, մինչեւ Ս. հաղորդութիւն տալու եւ առնելու հայ եկեղեցւոյ աւանդութեան վերահաստատումը, պատարագիչ հոգեւորականին կողմէ Ս. հաղորդութիւնը պիտի դրուի հաւատացեալի ձեռքին վրայ, ինչպէս աւանդաբար կը կատարուի մաս բաշխելու պարագային:
5) Անհրաժեշտ է, որ նախազգուշական բոլոր միջոցները յարգուին ժողովուրդի զաւակներուն կողմէ, ինչպէս եկեղեցւոյ, նոյնպէս ընտանիքներուն, կառոյցներուն, համայնքներուն մէջ եւ ամէ՛ն տեղ:
Իր շրջաբերական նամակին մէջ Վեհափառ Հայրապետը կը յիշեցնէ, թէ «Իւրաքանչիւր հայու ֆիզիքական ապահովութիւնն ու առողջութիւնը մեր եկեղեցւոյ ու ազգին համար էական են: Հետեւաբար, դիմակ կրելով, ֆիզիքական հեռաւորութիւն պահելով, ձեռք լուալով եւ մեծաթիւ հաւաքներէ խուսափելով առաջքը առած կ’ըլլանք առողջական դժուարութիւններու թէ՛ մեր անձին եւ թէ մեր ընտանիքին ու մեր նմաններուն նկատմամբ»:
Թելադրելի է նաեւ, որ հաւատացեալները այս գծով հետեւին կաթողիկոսարանի «Սիլիսիա Թի. Վի.»ին կողմէ պատրաստուած տեսերիզի ցուցմունքներուն: