Սուրիոյ Առողջապահութեան Նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Ռասուլ Մաարա աւանին մէջ արձանագրուած է պսակաձեւ ժահրով վարակուածներու 12 նոր պարագայ եւս։ Բուժուած են 6 վարակուածներ։ Այսպիսով՝ վարակուածներուն թիւը կը հասնի 164-ի, բուժուածներունը՝ 68-ի, իսկ մահացածներունը՝ 6-ի: