Սուրիոյ Առողջապահութեան Նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Ռասուլ Մաարա աւանին մէջ արձանագրուած է պսակաձեւ ժահրով վարակուածներու 6 նոր պարագայ, որոնք նախապէս վարակուածներու հետ շփում ունեցած են։ Բուժուած են 6 վարակուածներ։ Այսպիսով՝ վարակուածներուն թիւը հասաւ 158-ի, բուժուածներ ունը՝ 68-ի, իսկ մահացածներունր՝ 6-ի: