«Ապառաժ».-11 Յունիսին ԱՀ Ազգային Ժողովի «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան նախաձեռնութեամբ հանդիպում տեղի ունեցած է ԱՀ մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արտակ Պեգլարեանին հետ:

Հանդիպումին նպատակը ԱՀ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան վիճակի մասին տարեկան հաղորդման առնչուած շարք մը հարցերու քննարկումն էր:
Խմբակցութեան ղեկավար Արթուր Մոսիեան յայտնած է, որ ՄԻՊ գրասենեակի կողմէն զգալի աշխատանք կատարուած է: Խմբակցութեան ղեկավարը Արցախի Հանրապետութեան մարդու իրաւունքներու պաշտպանին ուշադրութիւնը հրաւիրած է ընկերային հարցեր ունեցող խումբերու իրաւունքներու պաշտպանութեան, բազմազաւակ ընտանիքներուն յատկացուող բնակարաններու չափորոշիչներու պահպանման վրայ, նաեւ կարեւոր համարած է ԱՀ զինուորական ծառայողներու պաշտանութիւնը։
Արտակ Պեգլարեան ներկայացուցած է ՄԻՊ աշխատանքներու ուղղութիւնները, տեղեկացնելով, որ ներկայիս փորձագէտներու օգնութեամբ զանազան ոլորտներու ուսումնասիրութիւններ կ’իրականացնուին:
«Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան անդամները պատրաստակամութիւն յայտնած են աջակցելու Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած է նաեւ փորձագիտական աշխատանքներէն ներս ՀՅԴ կառոյցի միջոցով սփիւռքահայ մասնագէտներու ներգրաւման եւ փորձի փոխանակման հարցը: