«Երկիր».- Պետութիւնը քաղաքական համակարգի գլխաւոր հիմնարկն է, պետութեան ղեկավարը` սովորական կուսակցականէն կը տարբերի, Հանրապետական Կուսակցական-աշխատակիցէն, վարորդէն կամ լրագրողէն…կը տարբերի իր մտածողութեան ծաւալով, ռազմավարական խորունկ վերլուծութեամբ…ան անկանոն ու չհաշուարկուած քայլերու չի դիմեր, որ սովորական քաղաքական գործիչը կրնայ ինքնիրեն թոյլ տալ։ Հռետորաբանութիւնը կարելի եղածին չափ զուսպ, հաւասարակշռուած, խօսքը` լսարան գրաւող, բառերը` ընտրուած ու որակեալ, ելոյթները` տեղին պէտք է ըլլան: Այս մասին յայտնած է «Արմնիւզ» Հը, «Երեկոյեան Լուրեր Աբրահամ Գասպարեանի Հետ» հաղորդման մեկնաբան Աբրահամ Գասպարեան`անդրադառնալով Նիկոլ Փաշինեանի օգտագործած` ընդդիմախօսներուն ուղղուած «Բացիլ» եւ «Գերեզմանաքար» արտայայտութիւններուն:
«Վարչապետը իր հրապարակային խօսքին մէջ անուշադիր է, այնքան ծանրաբեռնուած է, որ չի զգար` երբ կը բարկանայ, կը պիտակաւորուի…բայց մարդոց զգալի մէկ մասը երկրէն ներս հալած իւղի տեղ ընդունելու պէս հակուած չէ պետութեան ղեկավարի ամէն խօսքին կամ քայլին: Հիմա ի՞նչ, եթէ ձեզի կ’ընդդիմանան կամ կամայականութիւններուն չեն ենթարկուիր` ուրեմն շնաբարոյ են, դուրսպրծուկ, փտածներ, լափամանէն օգտուողներ, նախկին վարչակարգի մնացորդներ, քաղաքական բացի՞լ», ըսած է Գասպարեան եւ հարց բարձրացուցած է, դիմելով իշխանութեան` «Դուք կը թագաւորէք նմա՞ն պետութիւն, թէ՞ միայն դուք ու ձեր շահին քուէարկածները արժանի են մեր երկրին մէջ ապրելու»:
Գասպարեան անդրադարձած է վարչապետի կողմէն յատկապէս ՀՅԴ-ի հասցէին հնչած միտքերուն․ «Որքա՞ն սազական է մեր երկրի վարչապետին 130-ամեայ կուսակցութեան մասին այսպէս խօսքեր ըսելը: ՀՅԴ-ն մեր ազգի հարստութիւնն է, մեր պատմութեան ամենաէական մասնիկներէն մէկը, որքան հակակռենք կամ համակրինք առանձին անհատներու, ցոյց տանք դաշնակցական գործիչներու սխալները, զանոնք աններելի համարենք: Դաշնակցութիւնն ու ընդհանրապէս` մեր աւանդական կուսակցութիւնները մեր հարստութիւնն են, մեր պատմութիւնն են, ներկան ու վստահ եմ` ապագան»: