«Երաժշտութիւնը դրախտային կեանք է»։ Այս նախադասութիւնը մանկութենէս ի վեր յաճախ լսած էի, այնուամենայնիւ յատուկ նշանակութիւն մը չունէր ինծի համար մինչեւ այն օրը, երբ յանկարծ մէջս խայտաց տարօրինակ զգացում մը, բացատրութիւն խնդրեցի հօրմէս: Ան առաջարկեց, որ երաժշտական դասընթացքի հետեւիմ, մեր սիրելի Քեսապի Միսաքեան Մշակութային կեդրոնէն ներս: Թէեւ չէի համոզուած, բայց արձանագրուեցայ: Սկսայ հետեւիլ դաշնամուրի դասընթացքներուն, սակայն միշտ դժգոհանքի արտայայտութիւններով: Ծնողներս կը քաջալերէին, եւ կը փորձէին խանդավառել զիս:
Այսպէս երկու տարի օրինաւոր ձեւով հետեւեցայ դասերուն, մինչեւ 21 Մարտ 2014-ը՝ դաժան տեղահանումը:
Բարեբախտաբար վերադարձանք մեր հրաշագեղ ծննդավայրը, բայց…ամէն կողմ աւեր էր, հրկիզուած էին եկեղեցիները, նաեւ Մշակութային կեդրոնը: Երբ տեսայ կեդրոնին շէնքը այդ խղճալի վիճակին մէջ, աներեւոյթ ուժ մը ցնցեց ողջ էութիւնս, ու այդ պահուն մէջս արթնցաւ բուռն սէր մը երաժշտութեան հանդէպ:
Փրկուած լուսանկարներս եւ տեսերիզներս դիտելէ ետք, ուզեցի անպայման շարունակել ընդհատուած երաժշտական դասընթացքներս, որովհետեւ զգացի շատ կարեւոր բանի մը բացակայութիւնը մէջս:
Դաշնամուրը զիս կախարդած էր: Գիտակցեցայ կեանքիս մէջ երաժշտութեան անհրաժեշտութեան:
Երեք տարի սպասեցի, բայց ափսոս, կեդրոնը չվերաբացուեցաւ:
Հիմա արդէն երեք տարիէ շաբաթական դրութեամբ կը հետեւիմ դաշնամուրի դասերու, Լաթաքիա:
Դաշնամուրը դարձաւ անբաժանելի ընկերս, որուն ընկերակցութեամբ կը մոռնամ ամէն մտահոգութիւն եւ դժուարութիւն:

Էւա Պետրճիքեան

Ը.կարգ
Քեսապի Ազգ. Ուսում. Միացեալ Ճեմարան