ՏԵՂԱԿԱՆ

 

ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
– Սուրիոյ Մարզական Գերագոյն Կոմիտէի նախագահ Ֆիրաս Մուալլա պաշտօնական այցելութեամբ ժամանեց Հալէպ, ուր հանդիպումներ ունեցաւ քաղաքի մարզական պատասխանատուներու եւ ակումբներու վարչակազմերուն հետ: Մուալլա այցելեց Համտանիէի մարզահամալիրը եւ մարզական ակումբները: Կոմիտէի նախագահը այցելեց նաեւ ՀՄԸՄ-ի պարտէզ, ուր մօտէն ծանօթացաւ ակումբի կալուածին, նաեւ ծանօթացաւ անոր դիմագրաւած դժուարութիւններուն: Ան խոստացաւ նեցուկ կանգնիլ ՀՄԸՄ-ին՝ յաղթահարելու համար բոլոր դժուարութիւնները: Մուալլա այցելեց նաեւ ՀԵԸ-ի կեդրոն եւ հանդիպում մը ունեցաւ վարչութեան հետ:
– Սուրիոյ Ֆութպոլի Դաշնութեան նախագահ Հաթէմ ալ Ղայեպ եւ դաշնութեան անդամները Կիրակի օր Հալէպ ժամանեցին եւ Համտանիէի մարզահամալիրին մէջ իրենց հերթական նիստը գումարեցին: Դաշնութեան անդամները հանդիպումներ ունեցան հալէպի ֆութպոլի պատասխանատու մարմիններուն հետ:
– ՀՄԸՄ-ի Հալէպ Մասնաճիւղի Վարչութեան հովանաւորութեամբ, սկիզբ պիտի առնեն ՀՄԸՄ-ի պասքեթի, Ճատրակի եւ ֆութպոլի ամառնային դպրոցները: Վարչութիւնը յատուկ յայտարարութիւններով հրաւիրեց բոլոր քոյրերն ու եղբայրները անդամակցելու միութեան ամառնային դպրոցներուն:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ՌՈՄԱ ՆԻՒԹԱԿԱՆ ՀՍԿԱՅ ՎՆԱՍՆԵՐ ԿՐԵՑ
Իտալիոյ Ռոմա ակումբը ընթացիկ մրցաշրջանին նիւթական հսկայ վնասներ կրեց: Ըստ իտալական  Football Italia-ին, Ռոմայի նիւթական կորուստները հասան շուրջ  126,4 միլիոն եւրոյի: Համեմատաբար նախորդ տարեշրջանին, այս տարի Ռոման արձանագրեց 100 միլիոնէ աւելի նիւթական վնաս: Մայրաքաղաքի  ելեւմուտքի անբաւարար վիճակը կապուած է պսակաձեւ ժահրի համաճարակին հետ: Ակումբը  այժմ ընդհանուր առմամբ  ունի 278,5 միլիոն         եւրոյի պարտք: Աւելցնենք, որ վերջերս Իտալիոյ Ֆութպոլի Դաշնութիւնը որոշեց մրցաշրջանը վերսկսիլ 20 Յունիսին: Իտալիոյ կառավարութիւնը ֆութպոլի  ակումբներուն թելադրեց վերսկսիլ խմբային մարզումները:  Պսակաձեւ ժահրին հետեւանքով, ինչպէս բոլոր երկիրները, Իտալիան ալ դադրած համարեց երկրին մրցաշրջանը՝ մինչեւ ցնոր տնօրինում:
ՔԱՒԱՆԻ ՆՈՐ ԽՈՒՄԲ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՅ
Իտալիոյ «Թօթօ Սփորթ» օրաթերթը Կիրակի օր մարզական իր լուրերուն մէջ հաղորդեց, որ Ֆրանսայի Փարիզ Սան Ժերման ակումբի յարձակողական խաղացող Էտինսըն Քաւանիի մայրաքաղաքի խումբին հետ  ստորագրած պայմանագրութեան ժամկէտը կ’աւարտի: Ըստ յայտարարուած տեղեկութիւններուն, ուրուկուէյցի խաղացողը բանակցութիւններ սկսած է վարել Սպանիոյ մայրաքաղաքի Աթլեթիքօ Մատրիտ խումբին հետ, եւ մեծ հաւանականութեամբ յառաջիկայ տարեշրջանին պիտի կրէ Աթլեթիքոյի տարազը: 33-ամեայ խաղացողը, որ երկար ժամանակէ ի վեր մաս կը կազմէ ֆրանսական խումբին,  կ’ուզէ նոր  խումբի մը հետ շարունակել իր մարզական կեանքը, տարբեր երկիրի մը մէջ: Ան նախապէս խաղացած է իտալական Փալմիրօ եւ Նափոլի խումբերուն հետ: Ըստ լուրերուն, Քաւանի Աթլեթիքոյի խումբէն տարեկան պիտի ստանայ 7 միլիոն եւրօ:
ՍՈՒԱՐԵԶ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱՒ ՓՈՐՁԵՐՈՒ
Սպանիոյ Պարսելոնա ակումբի յարձակողական խաղացող Լուիս Սուարեզ կազմին հետ  վերսկսաւ իր փորձերը: Ան աստիճանաբար  կը պատրաստուի վերադառնալու մրցումներու դաշտ: Հինգ ամիս առաջ Սուարեզ  ծանրապէս վնասուեցաւ, որուն հետեւանքով ան հեռացաւ դաշտերէն եւ ենթարկուեցաւ վիրաբուժութեան: Բժիշկներու արտօնութիւնը ստանալէ ետք, ան փուլային դրութեամբ կատարեց իր փորձերը եւ այժմ ապաքինած է եւ պատրաստ  մրցումներու մասնակցելու: Սուարեզ օգտուեցաւ պսակաձեւ ժահրի համաճարակին դադարէն:
Պատրաստեց
Ռաֆֆի Սիւլահեան