«Երկիր».- 15 Յունիսին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան տեսակապի միջոցով զրոյց ունեցաւ Մոլտովայի արտաքին գործոց եւ եւրոպական ներգրաւման նախարար Օլեկ Ցուլէայի հետ:
Նախարար Մնացականեան մոլտովացի գործընկերոջը շնորհաւորեց պաշտօնը ստանձնելուն առիթով, յաջողութիւն մաղթելով անոր այդ կարեւոր առաքելութեան մէջ:
Հայաստանի եւ Մոլտովայի արտաքին գործոց նախարարները միտքեր փոխանակեցին պսակաձեւ ժահրին տարածման պատճառած ընկերային-տնտեսական մարտահրաւէրներուն առումով ազգային մակարդակներու վրայ ձեռնարկուող քայլերուն շուրջ:
Անդրադառնալով հայ-մոլտովական երկկողմ յարաբերութիւններուն` զրուցակիցները գոհունակութիւն յայտնեցին երկխօսութեան եւ գործակցութեան դրական աշխուժութեան եւ վերահաստատեցին փոխադարձ պատրաստակամութիւնը, գործնական քայլեր ձեռնարկելու, երկկողմ օրակարգին առաւել ընդլայնման եւ խորացման ուղղութեամբ: Առանձնապէս կարեւոր համարուեցաւ տարբեր մակարդակներու վրայ քաղաքական երկխօսութեան հետագայ աշխուժացումը, փոխայցելութիւններուն եւ արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւններուն միջեւ պարբերական խորհրդատուութիւններու կատարման միջոցով:
Որպէս փոխգործակցութեան առաջնային ուղղութիւններ` ԱԳ նախարարները նշեցին գիւղատնտեսութեան, տեղեկատուական ճարտարագիտութիւններու, նորարարութեան եւ ստեղծագործ կրթութեան, ինչպէս նաեւ առողջապահական ոլորտները: Նախարարներ Մնացականեան ու Ցուլէա ընդգծեցին երկկողմ հետաքրքրութիւն ներկայացնող տնտեսական գործակցութեան միջկառավարական յանձնաժողովի գործունէութեան կարեւորութիւնը:
Զրուցակիցները անդրադարձան գործակցութեան տարածաշրջանային եւ միջազգային ձեւաչափերուն, Եւրոմիութեան Արեւելեան գործընկերութեան, ԵԱՏՄ, ՍԾՏՀ շրջանակներուն մէջ:
Հայաստանի եւ Մոլտովայի ԱԳ նախարարները միտքեր փոխանակեցին նաեւ միջազգային եւ տարածաշրջանային անվտանգութեան հարցերուն շուրջ: