15 Յունիսին Հայաստանի Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւնը (ԱԱԾ) տեսանիւթ հրապարակեց` 2 Ապրիլ 2017-ին տեղի ունեցած Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն ընթացքին Բարգաւաճ Հայաստան Կուսակցութեան խումբ մը անդամներու կողմէ ընտրողներուն կաշառք տալու, կաշառք ստանալու հարիւրաւոր եւ համակարգային բնոյթ կրող դէպքերուն մասին: Ըսուեցաւ, որ ԱԱԾ-ն պարզած է, թէ ընտրութիւններու նախընտրական փուլին կուսակցութեան ղեկավար անդամներուն կազմակերպութեամբ, կուսակցութեան անդամներուն աշխուժ ներգրաւումով եւ յստակ մշակուած դերերու բաշխումով կուսակցութեան թեկնածուներու, ինչպէս նաեւ կուսակցութեան օգտին քուէարկելու համար ընտրողներուն տրուած են հարիւրաւոր միլիոն դրամներու արժող ընտրակաշառքի գումարներ:
15 Յունիսին եւս Գագիկ Ծառուկեան հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ, որուն մէջ անդրադարձաւ իրեն նկատմամբ սկսած քրէական հետապնդման, զայն անգամ մը եւս որակելով՝ «քաղաքական պատուէրով քրէական գործերու յօրինում»: Ան դիտել տուաւ, որ իրեն դէմ իրաւապահներու արշաւը եւ քրէական գործերու յարուցումը սկսան «իր յայտնի ելոյթէն ետք»` աւելցնելով, որ պատրաստ է ամէն տեսակի բեմագրութեան:
Միւս կողմէ, «Լուսաւոր Հայաստան»ը դատապարտեց «քաղաքական նպատակայարմարութիւններէ մեկնելով` քրէական հետապնդումները»:
Խորհրդարանի նախագահ Արարատ Միրզոյեան իր կարգին դիմատետրի իր էջին վրայ գրեց, որ Ազգային ժողովը 16 Յունիսին պիտի քննարկէ Բարգաւաճ Հայաստան Կուսակցութեան ղեկավար, պատգամաւոր Գագիկ Ծառուկեանը պատգամաւորական անձեռնմխելիութենէ զրկելու հարցը: