Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն, «Հայրենիք» եւ «Մէկ Հայաստան» կուսակցութիւնները հրապարակեցին յայտարարութիւն մը, որուն մէջ դիտել կու տան, որ խորհրդարանական մեծագոյն ընդդիմադիր քաղաքական ուժին` «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան (ԲՀԿ) նախագահ Գագիկ Ծառուկեանի, ինչպէս նաեւ ԲՀԿ տարածքային կառոյցներուն շուրջ ծաւալող իրադարձութիւնները ցաւալի վկայութիւն են այն իրողութեան, որ իշխանութիւնը պատրաստ է դիմելու որեւէ բնոյթի բռնաճնշումներու, որովհետեւ պատրաստ չէ եւ անկարող է բովանդակային երկխօսութեամբ հակադարձելու խորհրդարանական եւ արտախորհրդարանական ընդդիմութեան կողմէ հնչող հիմնաւորուած եւ փաստարկուած քննադատութիւններուն, ինչպէս նաեւ այսպիսով կ՛ուզէ սեփական իշխանութիւնը ամէն գնով պահպանել եւ վարչախումբի կառավարչական ձախողութիւնները քօղարկել։
Յայտարարութեան մէջ կը յիշուի, թէ ակներեւ է, որ ԲՀԿ-ի նախագահին նկատմամբ քաղաքական դրդապատճառներով քրէական հետապնդումը ու անոր անձին վարկաբեկման արշաւը սկսաւ, երբ վերջինս հանդէս եկաւ կառավարութեան ամբողջական ձախողութեան եւ տապալման մասին քաղաքական գնահատականով ու կառավարութեան ամբողջ կազմին հրաժարականի պահանջով: Իսկ ասոր վառ վկայութիւնը Հայաստանի գլխաւոր դատախազին միջնորդութեան քննարկումներն էին Ազգային ժողովին մէջ:
Ըստ յայտարարութեան՝ տարուած ըլլալով ամբողջատիրական նկրտումներով եւ Նիկոլ Փաշինեանի բացարձակ իշխանութիւնը հաստատելու մոլուցքով՝ իշխանութիւնը մերժած է քաղաքական ընդդիմութեան կողմէ մեր պետութեան եւ հասարակութեան առջեւ ծառացած հարցերը միացեալ ուժերով լուծելու որեւէ նախաձեռնութիւն: Բազմաթիւ ներքին եւ արտաքին մարտահրաւէրներ դիմագրաւող երկրին մէջ բռնաճնշումներու, անհանդուրժողականութեան եւ ազգային պառակտումի այս մթնոլորտը Հայաստանի պետականութեան ընթացքը պիտի դնէ անկանխատեսելի սպառնալիքներու եւ կորուստներու վտանգին դէմ յանդիման:
«Պահանջում ենք գործող իշխանութիւններից` դադարեցնել երկրում ճգնաժամը խորացնող ռեպրեսիւ (ճնշիչ«Գ.») գործելաոճից եւ անյապաղ վերադարձնել գործընթացները քաղաքական հարթութիւն:
«Կոչ ենք անում մեր հայրենակիցներին, ինչպէս նաեւ քաղաքական եւ հասարակական ուժերին` համախմբուել ազգային-պետական իրական օրակարգի շուրջ, համազգային համախոհութեամբ եւ ներուժով յաղթահարել մեր պետականութեանն ուղղուած մարտահրաւէրները», կը հաստատուի յայտարարութեան մէջ: