Հայաստանի Ազգային ժողովը 16 Յունիսին փակ գաղտնի քուէարկութեամբ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան խմբակցութեան ղեկավար Գագիկ Ծառուկեանը զրկեց պատգամաւորական աձեռնմխելիութենէն: Ծառուկեանի նկատմամբ քրէական հետապնդում յարուցելու համաձայնութիւն տալու վերաբերեալ քուէարկութեան թեր եղան 87 պատգամաւորներ, դէմ ձայն չկար:

Բարգաւաճ Հայաստան եւ Լուսաւոր Հայաստան խմբակցութիւնները յայտնեցին, որ պիտի չմասնակցին քուէարկութեան:

Նոյն օրը` աւելի ուշ, Ազգային ժողովը համաձայնութիւն տուաւ Գագիկ Ծառուկեանը ազատութենէ զրկելու վերաբերեալ Հայաստանի ընդհանուր դատախազին ներկայացուցած միջնորդութեան` 87 թեր ձայնով:

Մինչ այդ, Ազգային ժողովին մէջ իրեն նկատմամբ քրէական հետապնդում յարուցելուն եւ ազատութենէ զրկելուն համաձայնութիւն տալու մասին ընդհանուր դատախազի միջնորդութեան ներկայացման ընթացքին Գագիկ Ծառուկեան իրեն վերագրուող գործը նկատեց շինծու` վստահեցնելով, որ ընտրակաշառք չէ տուած: Ըստ անոր` այս գործընթացները հետեւած են 5 յունիսին ԲՀԿ-ի քաղաքական խորհուրդի նիստի իր յայտարարութեան եւ կապուած են անոր` դիտել տալով, որ իշխանութիւնը չէ արդարացուցած սպասումները, ժողովուրդին տուած խոստումները չեն կատարուած:

Նիստերուն ընթացքին Հայաստանի Ազգային ժողովի շէնքին առջեւ տեղի ունեցան Գագիկ Ծառուկեանի զօրակցող ցոյցեր, եւ աւելի քան 150 քաղաքացիներ բերման ենթարկուեցան: