Հակառակ տիրող տնտեսական եւ առողջապահական շարք մը դժուարութիւններուն, Կրթասիրաց Յարութիւնեան մանկապարտէզը, յարմարելով ներկայ պայմաններուն, քաջութիւնը ունեցաւ ծաղիկ դասարանի ուսումնական եռամեայ շրջանը աւարտող փոքրիկները ուրախացնելու աւարտական կոկիկ, բայց բովանդակալից հանդէսով մը, որ տեղի ունեցաւ հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանի, Կիրակի, 14 Յունիս 2020-ին, յետմիջօրէի ժամը 5:00-ին, Կրթասիրաց Մշկթ. Միութեան «Զ. Գաբրիէլեան» սրահէն ներս: Հանդիսութեան ներկայ էին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, ընկերակցութեամբ Արժ. Տ. Սուրէն Քհնյ. Արսլանեանի, վարժարանի տնօրէն երկրչ. Անդրանիկ Պօղոսեան, Կրթասիրաց Մշկթ. Միութեան Խնամակալութիւնը, Վարժարանի Հոգաբարձութիւնը, Ծնողաց Յանձնախումբը եւ շրջանաւարտներու ծնողները:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Կրթասիրաց Յարութիւնեան Մանկապարտէզի մանկապարտիզպանուհի տիկ. Ուաատ Զգուշեան, որ լուսարձակի տակ առաւ անցնող տարեշրջանին փոքրիկներուն ձեռք բերած հմտութիւնները: Ան հաստատեց, որ փոքրիկները մանկապարտէզի երդիքին տակ դասաւանդութեամբ, խաղով, երգով եւ զանազան յայտագիրներով սորվեցան սիրելու, յարգելու, օգնելու եւ շնորհակալ ըլլալու վեհ սկզբունքները:
Իր խօսքի աւարտին ան շնորհակալութիւն յայտնեց վարժարանի տնօրէն երկրչ. Անդրանիկ Պօղոսեանին, ուսուցչական կազմին եւ մանկապարտէզի հոգատար մարմիններուն:
Այնուհետեւ փոքրիկներուն բարի գալուստի խօսքով բացուեցաւ բեմին վարագոյրը: Բեմը վերածուած էր աշակերտներուն ներաշխարհը ցոլացնող գարնանային պարտէզի մը: Հայկական եւ արաբական պարերու ընդմէջէն փոքրիկները ուրախ տրամադրութեամբ ներկայացան իրենց ծնողներուն: Ասմունքներով եւ արտասանուած խօսքերով փոքրիկները արտայայտեցին իրենց սէրը հանդէպ մայրենի լեզուին, Մայր Հայաստանին եւ Սուրիական Հայրենիքին:
Գեղարուեստական յայտագիրը վերջ գտաւ շրջանաւարտներուն կողմէ ներկայացուած փունջ մը երգերով:
Այս առիթով, իր սրտի խօսքը արտասանեց Կրթասիրաց Ս. Չէմպէրճեան Երկրդ. վարժարանի տնօրէն երկրչ. Անդրանիկ Պօղոսեան ու ըսաւ. «Մանկապարտէզի եռամեայ տարիները փոքրիկներուն համար կարեւորագոյն փուլ կը կազմեն: Փոքրիկները մանկապարտէզ մուտք կը գործեն իրենց ծնողներուն առաջնորդութեամբ, դողդոջ քայլերով, սակայն անկէ դուրս կու գան ինքնավստահ եւ ընկերային կեանքին մէջ մասնակցութիւն բերելու հմտութիւններուն տիրացած»:
Պրն. Պօղոսեան անդրադառնալով Կրթասիրացի 96 տարուան առաքելութեան, յայտնեց, որ Կրթասիրացը իբրեւ հայակերտումի եւ մարդակերտումի դարբնոց, հոգատար ուսուցչական կազմին աշխատանքով, սիրոյ մթնոլորտի մէջ կը պատրաստէ իրարայաջորդ սերունդներ, որոնք ապագայակերտ մեր երիտասարդութեան շարքերը պիտի հարստացնեն:
 Վարժարանի տնօրէնը շնորհաւորական խօսք ուղղեց 2019-2020 տարեշրջանի փոքրիկ շրջանաւարտներուն եւ իրենց ծնողներուն: Ապա շնորհակալութիւն յայտնեց Կրթասիրաց Յարութիւնեան մանկապարտէզի նուիրեալ ուսուցչական կազմին եւ մանկապարտիզպանուհի տիկ. Ուաատ Զգուշեանին:
Ան շնորհակալութեամբ յիշեց վարժարանի Ծնողաց Յանձնախումբը եւ բոլոր հոգատար մարմինները, ի մասնաւորի Կրթասիրաց Մշկթ. Միութեան Խնամակալութիւնը եւ Կրթասիրաց Ս. Չէմպէրճեան Երկրդ. վարժարանի Հոգաբարձութիւնը:
Յատուկ շնորհակալական խօսք ուղղեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդին, Ազգային Վարչութեան Նախագահ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանին, իր հայրական բարձր հովանաւորութեան համար:
Վերջապէս ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր այն մարմիններուն, որոնք սատար կը կանգնին մանկապարտէզին, ինչպէս նաեւ պետական տնօրէն տիար Մուհամմետ Հաֆէզին եւ պետական կրթական տնօրէն տիար Իպրահիմ Մասոյին:
Անդրանիկ Պօղոսեան երախտագիտութիւն յայտնեց Սուրիական Հայրենիքին եւ անոր վսեմաշուք նախագահ տոքթ. Պաշշար ալ Ասատին:
Ապա տնօրէնը բեմ հրաւիրեց մանկապարտիզպանուհին եւ ծաղկեփունջով գնահատեց զինք:
Այնուհետեւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր ձեռամբ տեղի ունեցաւ վկայականաց բաշխում, որմէ ետք սրբազան հայրը իր սրտի խօսքը ուղղեց, հրաւիրելով ծնողները, որ տիրող դժուարին պայմաններուն մէջ լաւատեսութիւն եւ յոյս սփռեն, ժպտադէմ ըլլան եւ միշտ քաջալեր հանդիսանան իրենց զաւակներուն, որպէսզի ուսման ճամբով անոնք կարենան իրենց ձգտումներն ու երազները իրականացնել:
Այս առիթով, Մասիս Եպիսկոպոս երախտագիտական խօսք ուղղեց Սուրիոյ վսեմաշուք նախագահ տոքթ. Պաշշար ալ Ասատին, որ տեսիլք եւ քաջութիւն ունենալով դիմագրաւեց դժուարին պայմանները եւ յաղթական դուրս եկաւ ահաբեկչութեան դէմ պատերազմէն: Այնուհետեւ յայտնեց, թէ որպէս սուրիահայեր պետութեան եւ բանակին կողքին մնալով մեր մասնակցութիւնը պիտի բերենք Սուրիական Հայրենիքի վերակառուցման աշխատանքին:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր հայրական օրհնութիւնն ու շնորհաւորութիւնը յայտնեց շրջանաւարտ փոքրիկներուն, գնահատեց մանկապարտէզի անձնակազմը, ուսուցիչները կոչելով առաքեալներ, որոնք դպրոցին ճամբով կը ծառայեն մեր ազգային-եկեղեցական կեանքին եւ Սուրիական Հայրենիքին:
Թղթակից