Սխտորը ամէնէն հանրաճանաչ համեմն է: Ան ունի բացառիկ համ ու բոյր: Աւելին՝ ան օժտուած է առողջութեան նպաստող բազմաթիւ յատկութիւններով:
Մարդիկ 1000 տարիէ ի վեր կ’օգտագործեն սխտորը:
Յոյն բժիշկ Հիպոկրատը սխտոր ուտել կը թելադրէր բազմաթիւ հիւանդութիւններ, յատկապէս արեան բարձր ճնշում, մարսողական հարցերը կամ գերյոգնածութիւնը, յաղթահարելու համար:
Սխտոր, որպէս մկաններու աշխատանքը խթանող սնունդ, կ’օգտագործէին ողիմպիականի հնագոյն մարզիկները: Հին Եգիպտոսէն սխտորը անցաւ Փաքիստան եւ Արեւմտեան Հնդկաստան, ապա նաեւ՝ Չինաստան:
Սխտորը կը պարունակէ հանքային նիւթեր՝ երկաթ, կրածին, պղինձ, ֆոսֆոր, քալիում եւ B խումբին պատկանող, ինչպէս նաեւ A եւ C կենսանիւթեր, եթերաիւղեր եւ այլն:
Սխտորը հարուստ է նաեւ հակաօքսիտանդներով: Հետեւաբար լաւ միջոց է մանրէներու, ժահրերու, սունկերու, աղիքային մակաբոյծներու դէմ պայքարելու համար:
Սխտորի պարբերական օգտագործումը կ’օգնէ պայքարելու հետեւեալ հիւանդութիւններուն դէմ՝
Շաքարախտ
Սխտորի օրական մէկ պճեղը կ’օգնէ հաւասարակշռելու արեան մէջ շաքարին մակարդակը:
Սնկային հիւանդութիւն
Սխտորի հիւթը պէտք է խմել  սնկային բորբոքումներ ունենալու պարագային:
Արեան բարձր ճնշում
Սխտորը կը մաքրէ երակները, հետեւաբար կ’օգնէ կարգաւորելու արեան զարկերակային բարձր ճնշումը:
Պաղառութիւն
Կանոնաւոր կերպով սխտոր ուտելը  բորբոքման դէմ ուժեղ միջոց կը համարուի, հետեւաբար ան կը վերացնէ պաղարութեան հետեւանքով յառաջացող մկանային ցաւերը:
Ճարպաիւղերու կուտակում
Սխտորին հիւթը կը նուազեցնէ արեան մէջ ճարպաիւղերու տոկոսը, հետեւաբար զերծ կը պահէ երակները ճարպաիւղերու կուտակումէն եւ կը նուազեցնէ սրտի հիւանդութիւններու յառաջացման կարելիութիւնը:
Ինչպէ՞ս օգտագործել սխտորը առողջ մնալու համար
Սխտորին հիւթը կարելի է խառնել որեւէ այլ հիւթի կամ օգտագործել առանձին ամէն օր: Սխտորին հիւթը թելադրելի չէ խմել պարապ ստամոքսով, որովհետեւ ստամոքսը նուրբ է եւ կրնայ վնասուիլ ժամանակի ընթացքին:
Օրական երկու պճեղէն աւելի սխտոր մի՛ օգտագործէք: Այդքանը արդէն շատ լաւ դեղ կը համարուի:
Կարելի է պճեղ մը սխտորը մանր կտրտել, քանի մը վայրկեան ձգել, որպէսզի բաց օդին մէջ զինք կծու դարձնող կազերը չքանան, ապա կուլ տալ  զայն գաղջ ջուրով: Այս գործողութիւնը թելադրելի է կատարել քնանալէն առաջ:
Սխտորը կը մաքրէ օրկանիզմը, կը պայքարի մանրէներուն, ժահրերուն եւ սունկերուն դէմ, կը կանխէ քաղցկեղը ու կ’օգնէ մարսողութեան:
 Սխտորի բաղադրութեան մէջ եղած ծծումբին շնորհիւ՝ կը մաքրուին լեարդն ու արիւնը, մարմինէն դուրս կը բերուին ծանր մետաղները: Եթե ձեզ կը մտահոգէ ուտելէն վերջ բերնէն եկող տհաճ հոտը, պարզապէս առանց ծամելու կուլ տուէք սխտորին խիւսը:  Եթէ կ’անհանգստանան հոտէն, ռեհան կամ սունկ օգտագործելով կրնաք անմիջապես չեզոքացնել սխտորին հոտը:
Յաջորդ օրը՝ արթննալէն ետք, անմիջապէս խմեցէք մէկ մեծ գաւաթ գաղջ ջուր:
Ծանօթ.: Սիրելի՛ ընթերցող, մի՛ մոռնար, որ իւրաքանչիւր օրկանիզմ իւրովի կ’արձագանգէ այս կամ այն դեղամիջոցին: Ինչ որ օգտակար է մէկուն, կրնայ վնասել միւսին: Այս պատճառով ալ նախքան սխտորի պարբերական օգտագործումը, նախընտրելի է  խորհրդակցիլ ձեր բժիշկին հետ: