19 Յունիսին  Երեւանի մէջ տեղի ունեցած` Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւններու անվտանգութեան խորհուրդներուն միատեղ նիստի բացման հրապարակային բաժինին վարչապետ Փաշինեան անգամ մը եւս ներկայացուց Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններու դիրքորոշումը Ղարաբաղեան հիմնահարցի բանակցային գործընթացի ներկայ իրավիճակին մասին: Կարեւոր կը համարենք, որ վարչապետ Փաշինեան վերջապէս համերաշխութեան հասած  է, որ  ատրպէյճանական իշխանութիւնները ոչ միայն չեն հրաժարած իրենց առաւելապաշտական նկրտումներէն եւ փոխզիջումը բացառող ռազմաքաղաքական կեցուածքի փաստէն, այլեւ նորանոր սադրանքներով  աւելի կը  լարեն տարածաշրջանի ռազմաքաղաքական իրավիճակն ու հետզհետէ անհնարին կը դարձնեն փոխադարձ վստահութեան մթնոլորտի կերտումը:

Վերլուծելով վարչապետի հրապարակային ելոյթի բնաբանը եւ զայն դիտելով որպէս պաշտօնական Երեւանի դիրքորոշում` կ’արձանագրենք հետեւեալը.

Իշխանութիւնները թէեւ իրաւացիօրէն կը սահմանեն Ղարաբաղեան հիմնահարցի բանակցային գործընթացի բարձր նշաձողեր, սակայն անհասկանալի կը մնան այդ նշաձողերը սպասարկելու ռազմավարական մօտեցումներն ու անոնցմէ բխող մարտավարական քայլերը:

Այսպէս` Նիկոլ Փաշինեան ինչպէս երկու տարի է, նոյնպէս ալ այսօր կը խօսի Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն` բանակցային գործընթացին մասնակցելու կարեւորութեան մասին` ընդգծելով, որ «առանց Արցախի իշխանութիւններու լիարժէք ներգրաւման` բանակցային գործընթացը չի կրնար  էական յառաջընթաց ունենալ»: Յատկանշական է, որ վերջերս Փաշինեան ընդունեց, որ ինչպէս նախապէս, նոյնպէս ալ ներկայիս, Արցախի ղեկավարութեան վերադարձնել բանակցային գործընթաց չի յաջողիր: Այս պարագային անհասկանալի կը  մնայ` որո՞նք են Փաշինեանի այն քայլերը, որոնք վերջաւորութեան բանակցային գործընթացին մէջ Արցախի ղեկավարութեան մասնակցութեան պիտի յանգեցնեն:

Քննարկման մէկ այլ հարց է  պաշտօնական Երեւանի` Ղարաբաղեան հակամարտութեան բանակցային գործընթացի մասին յայտարարութիւնները, որպէս այդպիսին, կը տեղաւորուին ներկայ քաղաքական իրավիճակի շրջանակներէն ներս եւ, սովորաբար, անդրադարձ չի կատարուիր բանակցային գործընթացի նախընթաց տրամաբանութեան ու ապագայ աշխուժացման` որպէս տարածութեան եւ ժամանակի մէջ տեղաւորուող քաղաքական գործընթաց:

Ստեղծուած իրավիճակը ընդհուպ հակամարտութեան կարգաւորման մասին իշխանութեան կայուն տեսակէտի բացակայութեան յանգեցուցած է: Որպէս օրինակ` կրնանք արձանագրել, որ իշխանութիւնները չեն անդրադառնար  Արցախի Հանրապետութեան վերջնական կարգավիճակը պատկերացնելու հարցին: Նման «վրիպումը», փաստօրէն, կ’անտեսէ 10 Դեկտեմբեր 1991-ի անկախութեան հանրաքուէի 10 Դեկտեմբեր 2006 -ի եւ 20 Փետրուար 2017 -ի սահմանադրական հանրաքուէներՈՒ ընթացքին Արցախի Հանրապետութեան քաղաքացիներու կամարտայայտութեան փաստերը:

Պաշտօնական Երեւանը մէկ կողմէն կը սահմանէ բաւական բարձր նշաձող, սակայն միւս կողմէն յայտնի չէ սահմանուած նշաձողը սպասարկելու ներքին եւ արտաքին աղբիւրը: Որուն համաձայն, եւ՛ ներազգային, եւ՛ արտաքին յարաբերութիւններուն մէջ Փաշինեանը ոչ միայն ակներեւ չէ համախմբող յատկութիւններով եւ գործընկերներու հետ յարաբերութիւնները շարունակականօրէն զարգացնելով, այլեւ ճիշդ հակառակը կը կատարէ:

Այս առումով անհանգստութիւն ունինք, որ սահմանուած նշաձողի ոչ պատշաճ սպասարկումը կրնայ արտաքին գործընկերներու մօտ թիւրըմբռնումներու յառաջացման եւ անախորժ այլ հետեւանքներու յանգեցնել: Պէտք է զգօն ըլլալ, որ ատրպէյճանական դիւանագիտութիւնը երբեք չկարենայ Հայաստանը ներկայացնել որպէս անբանակցելի կողմ եւ այդ ձեւով կարելիութիւն ունենայ իր վրայէն վերացարկելու արտաքին ճնշումը: Ատրպէյճանական կողմը նաեւ կարելիութիւն պիտի չունենայ նենգափոխելու ղարաբաղեան շարժման եւ հակամարտութեան Բուն էութիւնը`  ներկայացնելով որպէս Հայաստանի տարածքներու ընդլայնման հարց` ստորադասելով ինքնորոշման հարցը:

Արցախի Հանրապետութեան առարկայականութեան բարձրացման եւ Հայաստան-Արցախ յարաբերութիւնները որակական նոր փուլի փոխադրելուն, ապա անոր համար ՀՅ Դաշնակցութիւնը տեւական ժամանակահատուած է, որ առաջարկուած է Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւններուն միջեւ ռազմավարական դաշինք կնքել եւ յարաբերութիւնները բարձրացնել իրաւապայմանագրային հարթութեան: Դա, ի թիւս այլնի, թոյլ կու տայ միջազգային եւ ներպետական իրաւունքի տեսանկիւնէն բացարձակապէս անխոցելի դարձնել Հայաստանը, որպէս Արցախի անվտանգութեան երաշխաւորի յանձնառութիւնները բոլոր մակարդակներու վրայ` սկսեալ անվտանգային հարցերէն մինչեւ ընկերային-տնտեսական եւ արտաքին օժանդակութիւն, ներառեալ` աջակցութիւն Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան միջազգային ճանաչման:

Հայաստան-Արցախ ռազմավարական դաշինքի կնքումը նաեւ քաղաքական յայտարարութիւններուն իրաւաբանական ուժ հաղորդելու հիանալի առիթ է:

Այս առումով, վերահաստատելով Հայաստան-Արցախ ռազմավարական դաշինք կնքելու մասին մեր քաղաքական դիրքորոշումը, կ’ակնկալենք, որ Արցախի նորընտիր իշխանութիւնները իրենց կարելիութեան սահմաններով պիտի  նպաստեն անոր իրականացման:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի Արտաքին Քաղաքականութեան,
Սփիւռքի եւ Հայրենադարձութեան Հարցերու Մասնագիտական Ոլորտային Յանձնախումբ