«Երկիր».-19 Յունիսին ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութեան վարչական համալիրէն ներս պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանի հանդիպումը տեղի  ունեցած է Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեանի եւ պաշտպանութեան բանակի հրամանատար Ճալալ Յարութիւնեանի հետ:

Դաւիթ Տօնոյեան շնորհաւորած է ԱՀ պետական նախարարին պաշտօնին վերանշանակուելուն առիթով: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են երկկողմ հետաքրքրութեան արժանի շարք մը հարցեր, ինչպէս նաեւ միատեղ իրականացուող ծրագիրներու ընթացքը: Զրուցակիցները միտքեր  փոխանակած են ՀՀ-ի մէջ իրականացուող օրէնքով ամրագրուած զինուորական ծառայողներու ընկերային երաշխիքներու ապահովման տարաբնոյթ նախաձեռնութիւնները, ինչպէս նաեւ Արցախի Հանրապետութեան մէջ անոնց ներդրման կարելիութիւններուն շուրջ: