Երեքշաթի, 23 Յունիս 2020-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար, փոխվարչապետ Ուալիտ Մուալլեմ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին շեշտեց, որ «Կայսեր Օրէնք» կոչուած տնտեսական պատժամիջոցներուն հիմնական նպատակն է Սուրիոյ ժողովուրդին ապրուստին սպառնալ եւ ահաբեկչութեան հոսքը վերաշխուժացնել, այնպէս ինչպէս տեղի ունեցաւ 2011-ին: Մուալլեմ յայտնեց, որ «Կայսեր Օրէնք»ին շուրջ Մայք Փոմփէոյի եւ Ճէյմս Ճէֆրիի յայտարարութիւնները կը պարզեն, որ անոնք ստախօսներու խումբ մըն են փաստօրէն, որովհետեւ Սուրիոյ ժողովուրդին օգտակար դառնալ ուզողը անոր ապրուստի նուազագոյն կարիքներուն ապահովումը անկարելի դարձնելու քաղաքականութիւն չի վարեր, փաստօրէն:

«Սուրիոյ ժողովուրդին դէմ այս արշաւը, իր ահագնութեամբ, չի զիջիր նախկին դաւադրութիւններուն, որովհետեւ արեւմտեան ուժեր այս անգամ Սուրիոյ դէմ իրենց վերջին զէնքը կ՛օգտագործեն՝ փորձելով մեր ժողովուրդին օրուան հացն ու տագնապի դիմագրաւման պետութեան կարողականութիւնը թիրախ դարձնել, մատնանշելով որ անոնց իսկական նպատակը ահաբեկչութեան վերաթափանցումին համար ենթահող ստեղծելն է: Այս բոլորը տեղի կ՛ունենայ քարոզչական իրենց լծակներով Սուրիոյ ժողովուրդին դէմ հոգեբանական պատերազմի մը ծաւալումով: Տարածաշրջանի իրենց գործակիցները տեղեկատուական արշաւով կ՛ուզեն շահագործել «Կայսեր Օրէնք»ին հաւանական ազդեցութիւնը եւ յուսալքումի մատնել մեր ժողովուրդը, յայտնելով որ մահացու հարուած մը հասած է Սուրիոյ: Չեմ ուզեր մեղմացնել տնտեսական այս պատժամիջոցներուն եւ ծրագրուած տեղեկատուական պատերազմին հաւանական հետեւանքները, սակայն կը շեշտեմ, որ մենք, Սուրիոյ մէջ, վարժ ենք 1978-էն ի վեր, տարբեր անուանումներով, այս անգամ ալ «Կայսեր Օրէնք» պիտակով մեզի պարտադրուած միակողմանի նման պատիժներու դիմաց կացութիւններ փոխելու, այլընտրանքեր որոնելով դժուարութիւններ յաղթահարելու», ըսաւ Մուալլեմ ապա աւելցուց. « Ես վստահ եմ, որ այս օրէնքն ալ յաղթահարելը անկարելի պիտի չըլլայ: Մենք կարելիութիւն ունինք դէմ դնելու այս պատժամիջոզներուն, մեր ժողովուրդին կարիքները ապահովելու: Այլ խօսքով՝ մենք կրնանք այս պատիժը առիթի վերածել եւ լծւիլ մեր ազգային տնտեսութիւնը վերականգնելու, ինքնաբաւ դառնալու, մեր դաշնակիցներուն եւ բարեկամներուն հետ բազմակողմանի յարաբերութիւնները զարգացնելու, իսկ ահաբեկչութեան դէմ մեր պայքարը կանգ պիտի չառնէ»:

Մուալլեմ հարց տալով ըսաւ, թէ միթէ՞ ամերիկեան ուժերուն մեր քարիւղի հանքերուն շուրջ հաստատուիլը Սուրիոյ ժողովուրդին շահերը պաշտպանելու համար է, կամ արդեօ՞ք ամերիկեան ռմբաձիգներուն արձակած կազի փուչիկներուն հետեւանքով Ճեզիրէի ցորենի դաշտերուն հրկիզումը Սուրիոյ ժողովուրդին բարւօք կեանքի ապահովումը կը նպատակադրէ, իսկ Սուրիոյ վերականգնումի ծրագիրներուն սատարող երկիրներուն սպառնալով ԱՄՆ մեր ժողովուրդին շահե՞րը կը պաշտպանէ, կամ սուրիացի գաղթականներուն վերադարձի՞ն սատար կը կանգնի: Տակաւին չենք խօսիր ահաբեկչական խմբաւորումներուն սատար կանգնելու բացայայտ ծրագիրներու մասին:

«Այս իսկ տուեալները նկատի ունենալով ամենայն անկեղծութեամբ կը հաստատեմ, անոնք ստախօս են, աւելին՝ ամէն ջանք ի գործ դրին որ ՄԱԿ-ը օրինականացնէր այս պատժամիջոցները, սակայն չյաջողեցան: Իսկ եթէ կը կարծեն, թէ Սուրիան կամ անոր ժողովուրդը պիտի ընկրկին ու ենթարկուին իրենց թելադրած պայմաններուն, չարաչար կը սխալին: Վկայ՝ մեր նահատականերուն թափած արիւնը, յանուն Սուրիոյ ինքնիշխանութեան, անկախութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան պահպանման: Կը կրկնեմ՝ մարտահրաւէրները դիմագրաւելը դիւրին չէ, սակայն անկարելի ալ չէ: Մենք սկսած ենք քայլերու ձեռնարկել դէմ յաղթահարելու զանոնք, գործակցաբար մեր դաշնակիցներուն, որոնք մերժեցին ենթարկուիլ այս օրէնքին եւ խզել իրենց կապը մեզի հետ»:

Իր խօսքի աւարտին Մուալլեմ շեշտեց, որ Սուրիոյ քաղաքականութիւնը պիտի չփոխուի. «Մենք պիտի շարունակենք գործակցիլ մեր դաշնակիցներուն հետ, դիմադրութեան զօրավիգ կագնիլ եւ մերժել իսրայէլեան դաւադրական ծրագիրներու իրագործումը տարածաշրջանին մէջ», ըսաւ ան:

Անդրադառնալով Լիպիոյ կացութեան, Մուալլեմ ըսաւ, որ Սուրիա զօրավիգ կը կանգնի Լիպիոյ ազգային բանակին եւ պետական հաստատութիւններուն, ինչպէս նաեւ Լիպիոյ ինքնիշխանութեան, խաղաղութեան եւ ժողովուրդի միասնութեան: Ան դիտել տուաւ, որ Սուրիա զօրավիգ կը կանգնի նաեւ Եգիպտոսին, անոր ազգային անվտանգութեան, եւ պիտի շարունակէ անոր ժողովուրդին կողքը կանգնիլ՝ մերժելով երկրի Արեւմտեան ափէն, եւ այլ արաբական երկիրներէ հողեր բռնագրաւելու իսրայէլեան բոլոր ծրագիրները: