24 Յունիսին տեղի ունեցած է «Բարգաւաճ Հայաստան», «Հայրենիք» կուսակցութիւններու նախագահներու եւ ՀՅ Դաշնակցութիւն կուսակցութեան Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչի հանդիպումը, որուն ընթացքին քննարկուած են Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ստեղծուած ներքաղաքական իրավիճակը, երկրի մէջ սահմանադրական կարգի վերականգնման ուղիները: Համաձայնուած է ստեղծել երեք կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներէն բաղկացած աշխատանքային խումբ, որ լայն համախմբում ապահովելու նպատակով, պիտի մշակէ միատեղ գործողութիւններու ծրագիր եւ ճանապարհային քարտէզ, պիտի համադրէ ձեռնարկուող քայլերը:
Հանրութեան պարբերաբար տեղեկատուութիւն պիտի տրամադրուի միատեղ աշխատանքային խումբին ընդունած որոշումներուն մասին: