ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինը կը տեղեկացնէ գաղափարակից ընկեր, արցախեան ազատամարտի մասնակից, պատմական գիտութիւններու դոկտոր, Հայաստանի արուեստի համալսարանի Հասարակական գիտութիւններու ամպիոնի մասնագէտ, հայոց ազատամարտի պատմութեան մեծ նուիրեալ Համլետ Գէորգեանի անժամանակ մահը եւ կը ցաւակցի հանգուցեալի ընտանիքին, հարազատներուն եւ մտերիմներուն:
Համլետ Գէորգեան ծնած է 1 Մարտ 1951-ին, Ապարանի շրջանի Մելիք գիւղը: 1968-ին աւարտած է տեղւոյն միջնակարգ դպրոցը: 1970-1972 թթ. ծառայած է ԽՍՀՄ բանակին: 1974-1979 թթ. սորված է ԵՊՀ պատմութեան հիմնարկի փիլիսոփայութեան բաժինէն ներս: 1979-1982 թթ. աշխատանքի անցած է Նաիրիի շրջանի թիւ 5 երեկոյեան միջնակարգ դպրոցէն ներս որպէս ուսումնավար: Միաժամանակ փիլիսոփայութիւն դասաւանդած է Երեւանի ազգային արուեստի հիմնարկէն ներս: 1982-1991 թթ. ուսուցիչներու կատարելագործման հանրապետական հիմնարկի հասարակագիտութեան ամպիոնի աւագ դասախօս եղած է:
1991 թ. ընտրուած է «ՀայՇինական» բարեգործական միութեան նախագահ: Զուգահեռաբար հայոց պատմութիւն դասաւանդած է ԵՊՀ Իջեւանի մասնաճիւղէն ներս եւ Վալերի Պրիւսովի անուան օտար լեզուներու հիմնարկէն ներս: Անդամակցած է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան: Մասնակցած է Արցախեան պատերազմին: Պաշտպանած է թեկնածուական ատենախօսութիւն: 1999 թուականէն սկսեալ կ’աշխատէր ՀՀ ԳԱԱ փիլիսոփայութեան եւ իրաւունքի հիմնարկէն ներս, որպէս աւագ գիտաշխատող:
2002 թուականէն մասնագէտ Հ. Գէորգեան կը դասաւանդէր ՀԱՊՀ Հասարակական գիտութիւններու ամպիոնի մէջ: Հեղինակ է հայոց ազատագրական պայքարի էջերը լուսաբանող բազմաթիւ գիրքերու: Ազատագրական պայքարի մասին յօդուածաշարով տեւական հանդէս եկած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան «Զինուոր» թերթին մէջ: Հանդիսացած է նաեւ ՀՀ ՊՆ «Մայր Հայաստան» ռազմական պատմութեան թանգարանի գիտական գիծի փոխտնօրէնութիւնը: