Սուրիոյ աշակերտներուն համար իններորդ (պրովէ) եւ տասներկրորդ (պաքալորիա) կարգերու պետական քննութիւնները բախտորոշ փուլեր են: Այս փուլին 2020 ուսումնական տարեշրջանի աւարտին կու գան աւելնալու պսակաձեւ ժահրի համաճարակին առնչուած դժուարութիւններ՝ դպրոցներուն կանուխ փակուիլը, անձնական դասընթացքներու կասեցումը, քննութիւններու  յետաձգումը եւ այլն: Այս եւ այլ կրթական հարցեր պարզաբանելու համար «Գանձասար» զրոյց մը ունեցաւ Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի տնօրէն պրն. Յակոբ Քիլէճեանի հետ:  
«Գանձասար»- Դպրոցական այս տարեշրջանը ընդհատուեցաւ պսակաձեւ ժահրի համաճարակին տարածման պատճառով: Աշակերտները ինչպէ՞ս պատրաստուեցան պետական քննութիւններուն, իսկ Կրթական Նախարարութիւնը ինչպիսի՞ քայլերու ձեռնարկեց:
Յակոբ Քիլէճեան- Բարեբախատաբար երբ պսակաձեւ ժահրի համաճարակին պատճառով դպրոցները ընդհատուեցան, մենք գոնէ իններորդ եւ տասներկրորդ կարգերու ծրագիրները ամբողջացուցած էինք: Առկախ մնացած էին միայն անոնց փորձ քննութիւնները, զորս չկարողացանք ամբողջացնել, սակայն մենք առցանց մեր հարցարանները ղրկեցինք աշակերտներուն, որոնք ալ իրենց կարգին մեր միջոցով կապ հաստատեցին ուսուցիչներուն հետ եւ իրենց հարցումները ուղղեցին ուսուցիչներուն:
Կրթական Նախարարութիւնը իր կայքէջին  եւ պատկերասփիւռի կայանին միջոցով սփռեց իններորդ եւ տասներկրորդ կարգի դասերը եւ ամբողջացուց այն բացթողումները, որոնք մնացած էին ծրագրին մէջ համաճարակին հետեւանքով: Նախարարութիւնը դիմեց նաեւ այլ նախազգուշական քայլերու, որովհետեւ բոլոր դպրոցները չէին աւարտած կրթական ծրագիրը: Բոլոր այն դասերը, որոնք ըստ կրթական դասացոյցին պահանջուած էին 13 Մարտէն ետք, չեղեալ համարուեցան: Ասոր կողքին նաեւ չեղեալ համարուեցաւ վերաքննութիւնը, որ ընդհանրապէս կþըլլար բուն պետական քննութենէն մէկ ու կէս ամիս ետք, ուշացաւ ու երկարաձգուեցաւ բուն քննութիւններու թուականը ինչպէս նաեւ փոխուեցաւ յաջողութեան չափանիշը: Նախորդ տարիներուն եթէ աշակերտէն պահանջուած էր բոլոր նիւթերուն յաջողիլ, ստանալու համար պաքալորիայի վկայականը, այս տարի, սակայն, առիթ տրուեցաւ աշակերտին մէկ նիւթի ձախողելու, իսկ եթէ երկու նիւթի ձախողի՝ երկու նիւթերուն միջինին 25 առ հարիւրը ապահովուելու պարագային աշակերտը յաջողած կը համարուի:
«Գ.» Համաճարակին հետեւանքով կրթական ծրագիրներու կրճատման հարցը ինչպէ՞ս կը մտածէք լուծել, մանաւանդ եթէ վերամուտին կրկին նման պայմաններ յառաջանան:
Յ. Ք.- Մենք ընդհանրապէս Կրթութեան Նախարարութեան թելադրանքով կþառաջնորդուինք: Ըստ Կրթութեան Նախարարութեան յայտարարութեան, անցեալ ուսումնական տարեշրջանի բացթողումները յաջորդ տարեշրջանին պիտի լրացուին, հետեւաբար յառաջիկայ վերամուտին առաջին երկու շաբաթը պիտի տրամադրենք նախորդի բացթողումները լրացնելու: Մեր կարգին ուսուցիչներուն թելադրեցինք այս ուղղութեամբ աշխատանք տանիլ եւ պատրաստել ծրագիր մը, իսկ եթէ նախարարութիւնը ինք պատրաստէ ծրագիրը մենք անպայման  պիտի որդեգրենք զայն:
«Գ.»- Վերամուտին ինչպիսի՞ կանխարգելիչ միջոցներ պիտի ձեռնարկուին պսակաձեւ ժահրէն պաշտպանուելու համար:
Յ. Ք.-  Յուսանք մինչեւ վերամուտ պսակաձեւ ժահրի համաճարակը կը նահանջէ: Այդ ուղղութեամբ մենք մեր դպրոցները հականեխեցինք, իսկ մնացեալ ընդհանուր պայմանները Կրթութեան Նախարարութիւնը ինք պիտի յայտարարէ, թէ ի՛նչ ձեւով պիտի ընթանայ դասաւանդութիւնը, մենք բոլոր պայմանները պիտի յարգենք եւ համապատասխան բոլոր քայլերը պիտի կիրարկենք, որովհետեւ մեզի համար առաջնահերթութիւնը մեր աշակերտներուն եւ ուսուցիչներուն առողջութիւնն է: Այս բոլոր պայմանները յարգելէ ետք, մենք պիտի փորձենք մեր դասաւանդութիւնը բնականոն ընթացքի մէջ մտցնել եւ պահել այդ ընթացքը:
«Գ.»- Այս տարի ամավերջի հանդէսներ պիտի կազմակերպուի՞ն:
Յ. Ք.- Այո՛, քննութիւններու աւարտին, այս տարուան ամավերջի հանդէսները պիտի կազմակերպենք, բացի, Աստուած մի՛ առասցէ, եթէ նոր պայմաններ յառաջանան, այն ատեն ստեղծուած պայմաններուն համաձայն նոր տնօրինումներ կը սահմանենք:
«Գ.»- Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի շրջանաւարտներու աշխարհասփիւռ մեծ ընտանիքը տեղեակ է, որ Ճեմարանը պատերազմի ինն տարիներուն կրթաթոշակ չգանձեց աշակերտներէն նկատի ունենալով պատերազմին հետեւանքով ծնողներուն դիմագրաւած տնտեսական սուր տագնապը: Այսօր պատերազմի դժուարութիւններուն կու գան աւելնալու երկրին պարտադրուած տնտեսական պատժամիջոցները եւ պսակաձեւ ժահրին համաճարակը: Ներկայ դրութեամբ ինչպիսի՞ ծրագիրներ կը նախատեսուին, իսկ ինչպիսի՞ դժուարութիւններ կը դիմագրաւէ Ճեմարանը:
Յ. Ք.- Անշուշտ տնտեսական դժուարութիւնը առկայ է եւ մեր հիմնախնդիրներէն մէկն է, որովհետեւ առանց նիւթականի դժուար է դպրոցին գոյատեւումը: Բարեբախտաբար տակաւին կան կողմեր, որոնք կþօժանդակեն դպրոցին, սակայն այս օժանդակութիւնները բաւարար չեն, հետեւաբար պէտք է ճեմարանի մեծ ընտանիքը տեղաշարժի ենթարկել, որպէսզի բոլորն ալ իրենց լուման դնեն ճեմարանի գանձին մէջ եւ մենք կարենանք նոր սերունդներուն գիտութիւն ու կրթութիւն ջամբել: Ճիշդ է, պատերազմի տարիներուն մենք կրթաթոշակ չգանձեցինք, բացի խորհրդանշական մտից տուրքէն: Պէտք է հաստատել, որ մեզի համար սկզբունք է այն, որ հայ աշակերտը տնտեսական դժուարութեան պատճառով երբեք պիտի չզրկուի հայկական վարժարան յաճախելէ: Յաջորդ տարեշրջանին ալ նոյն դրութիւնը պիտի շարունակուի, որովհետեւ տնտեսական ճգնաժամը տակաւին առկայ է եւ թէ՛ մենք, թէ՛ ծնողները լուրջ տնտեսական դժուարութիւն կը դիմագրաւենք: Անշուշտ պիտի փորձենք նաեւ եկամուտի, նուիրատուութեան աղբիւրներ ապահովել՝ նուազագոյնը գանձելու մեր ծնողներէն: Բայց յոյով ենք, որ երբ ծնողներէն կրթաթոշակէն փոքր գումար մը պահանջենք, անոնք ալ յանձնառութիւնը պիտի ունենան մեզի ընդառաջելու:
Հարցազրոյցը վարեց
Վեհան Պարսումեան