Ո՞ր հեռաձայնները կրնան վնաս հասցնել մեր առողջութեան՝ բջջայիննե՞րը: Ո՞ր ականջակալը պէտք է ընտրել բջջային հեռաձայններու համար: Իսկ ի՞նչ է բջջային հեռաձայնով խօսելու ամէնէն ապահով ձեւը: Իմանանք եւ զգուշանանք:
1. Ո՞ր հեռաձայնը ամէնէն ապահովը կը համարուի մեր առողջութեան համար։
Ամէնէն անվտանգը հին հեռաձայնն է հաւանբար, մետաղալարովը: Նոյնիսկ երբ մեր տան ելեկտրականութիւնը անջատուի, ան կ’աշխատի: Իսկ հին, այսինքն ոչ բջջային, հեռաձայններուն ամէնէն կարեւոր առաւելութիւնը այն է, որ անոնք չեն արտանետեր ելեկտրամագնիսական ճառագայթումներ, ինչպէս, օրինակ, ռատիոյի հեռաձայնը: Այս ձեւով ձեր ուղեղը ճառագայթումներու վտանգին ենթակայ չ’ըլլար:
Ռատիօ հեռաձայններուն (radio phone), նոյնիսկ՝ բջջային հեռաձայններուն ազդեցութիւնը շատ աւելի զօրաւոր է: Եւ նման ճառագայթահարումին վնասը տակաւին չէ ապացուցուած: Փաստուած է, որ կապ մը գոյութիւն ունի բջջային հեռաձայնով երկար խօսակցութիւններուն եւ ուղեղի ուռուցքի յառաջացման միջեւ:
2. Ո՞ր հեռաձայնը նախընտրելի է՝ ականջակալո՞վը թէ առանց ականջակալինը։
Որքան մեր  ուղեղէն հեռու պահենք ճառագայթումի աղբիւրը (բջջային հեռաձայնը), այնքան քիչ կ’ազդէ ան ուղեղին վրայ: Այլ խօսքով, ականջակալ ունեցող հեռաձայնը աւելի ապահով է, քանի որ ան ուղեղէն հեռու է:
Այնուամենայնիւ, ականջակալը ինքնին կրնայ փոխել ձայնին հաղորդումը եւ ազդել ականջի շրջանին վրայ:
3. Ո՞ր ականջակալը աւելի ապահով է՝ լարայի՞ն թէ անլար։
Լարային ականջակալը շատ աւելի ապահով է, քանի որ այն թոյլ կու տայ պահել ձեր հեռաձայնը՝ ելեկտրոմագնիսական ճառագայթումի աղբիւրը՝ ձեր ուղեղէն հեռու:
Անլար ականջակալը կամ Bluetooth-ը ինքնին ելեկտրամագնիսական ճառագայթումի աղբիւր է: Բայց նման սարքի հիմնական վնասը այն է, որ մարդը անընդհատ կապի մէջ է, եւ կապին աղբիւրը շատ մօտ է ուղեղին, իսկ վերջինս անընդհատ ազդանշաններ կը ստանայ:
4. Ի՞նչ է բջջային հեռաձայնով խօսելու ամէնէն ապահով ձեւը։
Բարձրախօսով խօսիլը: Այս ձեւով դուք չէք պահեր հեռաձայնը ականջին եւ կրնաք նոյնիսկ հեռաձայնէն հեռանալ: Սա կը նշանակէ, որ ձեր ուղեղը ճառագայթումի չ’ենթարկուիր: