ՏԵՂԱԿԱՆ
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
– Դամասկոսի մէջ սկիզբ առաւ պասքեթի իրաւարարներու յատուկ սեմինար մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին երկիրի ախոյեանութեան մրցումներու մասնակցող իրաւարարները:
– Սուրիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան անցեալ շաբթուան մրցումներուն տեղի ունեցած կարգ մը թերութիւններու պատճառով,  Դաշնութիւնը (Ֆետերասիոնը) պատժական տնօրինումներ սահմանեց իրաւարարներուն, խաղացողներուն եւ խումբերու պատասխանատուներուն:
– Սուրիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 21-րդ փուլի մրցումներուն, Հալէպի մէջ Իթթիհատը 3-3 արդիւնքով հաւասարութեամբ աւարտեց Նաուաիրի հետ իր մրցումը: Հաւասար արդիւնքով աւարտեցան նաեւ Ճէյշ-Ուասպէ, Ուահտէ-Թալիաա եւ Ֆութուէ-Ճապլէ մրցումները՝ 1-1 արդիւնքով: Սահէլ 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ճազիրան, իսկ Հթթինը 1-0 արդիւնքով՝ Քարամէն:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ՊՍԱԿԱՁԵՒ ԺԱՀՐՈՎ ՎԱՐԱԿՈՒԱԾ ԱՀՄԱՏ ՌԱՏԻ ՄԱՀԱՑԱՒ 
Շաբաթ օր Պաղտատի մէջ իր մահկանացուն կնքեց Իրաքի հաւաքականի նախկին լաւագոյն խաղացողներէն Ահմատ Ռատին, պսակաձեւ ժահրով վարակուելուն հետեւանքով: Ըստ Իրաքեան լրատու աղբիւրներու, Ռատի անցեալ շաբթուան ընթացքին մտած էր հիւանդանոց շնչառութեան հարցեր ունենալուն պատճառով: Այնտեղ ի յայտ եկած է որ ան վարակուած է պսակաձեւ ժահրով:
Իրաքցի խաղացողը ծնած է Պաղտատ, 1964-ին. Փոքր տարիքէն մաս կազմած է Զաուրաա խումբին, ինչպէս նաեւ Իրաքի հաւաքականին հետ մասնակցած է համաշխարհային ֆութպոլի ախոյեանութեան: 1988-ին ընտրուած է Ասիոյ լաւագոյն խաղացող:
ՊԱՅԵՐՆ ՄԻՒՆԵԽ՝ ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ԱԽՈՅԵԱՆ
Հերթական ութերորդ անգամ ըլլալով Գերմանիոյ Պայերն Միւնեխ  ֆութպոլի խումբը յաջողեցաւ տիրանալ Գերմանիոյ ախոյեանութեան: Նախքան տարեշրջանի աւարտը, ան երկու փուլերով կրցաւ ապահովել տիտղոսը 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Ֆէրտըր Պրիմենը: Աւելցնենք, որ պաւարեան խումբը մինչեւ օրս ապահոված է 86 կէտ, տասը կէտերու տարբերութեամբ իրեն կը յաջորդէ Պորիսիա Տորթմոնտը:
ՌՈՆԱԼՏՕ  ՊԱՀԱՆՋՈՒԱԾ Է ՉԵԼՍԻԻ ԿՈՂՄԷ
Անգլիական Չելսի ակումբի ղեկավարները բանակցութիւններու օղակ մը հաստատած են Իտալիոյ Իւվէնթուս խումբին հետ, առաջարկելով խումբին միացնել փորթուկալցի խաղացող Քրիստիանօ Ռոնալտօն: Ըստ Իտալական «Քալչիօ» օրաթերթին, Չելսի պատրաստակամութիւն յայտնած է վճարել 120 միլիոն եւրօ, ստանալու համար Ռոնալտոյի ստորագրութիւնը: Աւելցնենք, որ  օրին, Իւվէնթուսը փորթուկալցի խաղացողը խումբին միացնելու համար  Ռէալ Մատրիտին վճարած էր նաեւ 120 միլիոն եւրօ: Ան ինն տարիներ մաս կազմած էր Սպանիոյ մայրաքաղաքի խումբին, որուն հետ արժանացած էր բազմաթիւ կոչումներու:
ՆԷՅՄԱՐ ԿՈՐՍՆՑՈՒՑ ՊԱՐՍԵԼՈՆԱՅԻ ՀԵՏ ԻՐ ԴԱՏԸ
Քաթալոնիական Պարսելոնայի ակումբը շահեցաւ Փարիզ Սան Ժերմանի յարձակողական խաղացող Նէյմարին դէմ բացած իր դատը: Ըստ ակումբի պաշտօնական կայքի յայտարարած  հաղորդագրութեան, Նէյմար դատի տուած էր Պարսելոնան՝ ակումբէն  պահանջելով վճարել իր նիւթական աշխատավարձքը: Նէյմար քաթալոնական ակումբին հետ երկրորդ պայմանագիրը կնքած էր 2016-ին, որմէ մէկ տարի ետք լքած էր ակումբը ու միացած ֆրանսական ակումբին: Դատարանը չբաւարարուեցաւ այս որոշումով եւ պրազիլցի խաղացողին պարտադրեց Պարսելոնային վճարել 6,7 միլիոն եւրօ: Նէյմար Պարսելոնայէն հեռացաւ 2017-ին: Ան սպանական խումբին մաս կազմած էր չորս տարի:
Պատրաստեց
Ռաֆֆի Սիւլահեան