«Արմէնփրէս».- Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան կը շարունակէ առողջապահական ոլորտի մասնագէտներուն հետ քննարկումները պսակաձեւ ժահրի համավարակին դէմ պայքարի եւ յաղթահարման ուղիներուն շուրջ:
Նախագահ Սարգսեան հանդիպումներ ունեցած է առողջապահութեան նախկին նախարար, բժշկական գիտութիւններու դոկտոր, մասնագէտ Դերենիկ Թումանեանի, առողջապահութեան նախկին նախարար, բժշկական գիտութիւններու դոկտոր Արարատ Մկրտչեանի հետ, ինչպէս նաեւ հեռաձայնային զրոյց ունեցած է առողջապահութեան նախկին նախարար, ներկայիս Առողջապահութեան Համաշխարհային Կազմակերպութեան ղեկավարներէն մասնագէտ Հայկ Նիկողոսեանի հետ:
Հանդիպումներու եւ զրոյցներու ընթացքին խօսուած է պսակաձեւ ժահրի համավարակին հետեւանքով Հայաստանի մէջ ստեղծուած իրավիճակին, առողջապահական համակարգին վրայ անոր ազդեցութեան, առողջապահական համակարգի արձագանքին ու որդեգրած ռազմավարութեան մասին: Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են նաեւ համավարակի տարածումը կանխելու եւ յաղթահարելու ուղիներուն շուրջ: Առողջապահական ոլորտի մասնագէտները ներկայացուցած են իրենց մօտեցումներն ու առաջարկները: