Բարգաւաճ Հայաստան, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն եւ Հայրենիք կուսակցութիւնները 30 Յունիսին յանցագործութեան մասին հաղորդում պիտի ներկայացնեն ՀՀ գլխաւոր դատախազութիւն` պահանջելով քրէական գործ յարուցանել օրէնսդիր իշխանութեան ներկայացուցիչներուն եւ բարձրաստիճան պաշտօնատար այլ անձերու յանցակցութեամբ, առանձնապէս անոնց կողմէ ծանր յանցանքներ ի գործ դրուած ըլլալու փաստերով:

Լիազօր ներկայացուցիչները 30 Յունիսին, ժամը 10:00-ին ՀՀ գլխաւոր դատախազութիւն առձեռն կը յանձնեն երեք կուսակցութիւններու միատեղ հաղորդումը յանցագործութեան մասին:

Հաղորդման հիմքը դրուած փաստերու եւ իրաւական հիմնաւորումներու մասին մանրամասն տեղեկութիւններ ստանալու համար լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչները նոյն ժամուն հրաւիրուած են ՀՀ գլխաւոր դատախազութեան մուտքը: