«Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան ղեկավար Արթուր Մոսիյեան` ԱՀ ԱԺ արտահերթ նստաշրջանի ընթացքին` ներկայացնելով խմբակցութեան դիրքորոշումը` յայտնեց, որ ՀՅԴ-ն չի կրնար կողմ քուէարկել անցեալ տարուան պետական պիւտճէի կատարողականի օգտին, որ ներկայացուած է օրէնքի որոշ խախտումներով:
Ա. Մոսիյեանը յայտնած է, որ 2019 թուականի պետական պիւտճէի կատարման հաշուետովութեան մասին շահաքրքռական քննարկումներ եղած են` ե՛ւ ոլորտային յանձնաժողովներուն մէջ, ե՛ւ խմբակցութիւններուն մէջ: Այդ ընթացքին պարզաբանումներ տրուած են հետաքրքրող շատ հարցերու: Ըստ Ա. Մոսիյեանին` ընդհանրութեան մէջ 2019-ի պետպիւտճէի հիմնական ծրագիրները կատարուած են: Մասնաւորապէս` 258 ծրագիրներէն` չէ կատարուած մօտաւորապէս 8-ը, 9-ը կատարուած է 50 տոկոսով, միւսները` 95- 100 տոսկոսով: ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավարի խօսքով, անցնող տարի պետպիւտճէի ծրագրուած` 1,1 միլիար դրամ աւելորդի փոխարէն, կառավարութիւնը յաջողած է ապահովել 6,1 միլիար դրամ, կը նշանակէ, որ գերակատարուած են տնտեսութեան աճն ու պիւտճէի եկամտային հատուածը: Այդուհանդերձ, պետպիւտճէի կատարման հաշուետուութիւնը ներկայացուած է պիւտճէտային համակարգի մասին օրէնքի շարք մը յօդուածներու խախտումներով կամ ոչ լիարժէք պահպանուած են օրէնքի պահանջները:

Վան Նովիկով