RT  լրատուամիջոցին համաձայն, Ֆրանսայի նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոն սուր քննադատութիւն ուղղած է Թուրքիոյ՝ Լիպիոյ մէջ իր վարած քաղաքականութեան համար:
Մաքրոն Երկուշաբթի օր Գերմանիոյ Մեսպըրկ քաղաքին մէջ  երկրի վարչապետ Անկելա Մերքըլի հետ մամլոյ միատեղ ասուլիսի մը ընթացքին շեշտած է, որ Թուրքիա լիպիական հակամարտութեան հրահրման՝ «պատմական եւ քրէական պատասխանատուութիւնը կը կրէ», ապա աւելցուցած է. «Այս փուլին մեզի խիստ անհրաժեշտ է Լիպիոյ մէջ թրքական քաղաքականութեան յստակացումը, քաղաքականութիւն  մը, որ մերժելի է մեզի համար»:
Մաքրոն բնութագրելով Թուրքիոյ Լիպիա ներխուժումը յայտնած է, որ ան առաջին արտաքին կողմն էր, որ միջամտութիւն կատարեց Լիպիոյ հարցին, ապա մեղադրած է Անգարան Պերլինի խորհրդաժողովին ստանձնած իր պարտաւորութիւնները չկատարելու եւ Լիպիոյ մէջ իր զինուորական ներկայութիւնը ծաւալելու, ինչպէս նաեւ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ Սուրիայէն Լիպիա ղրկելու յանցանքներով:
Մաքրոն եզրափակելով  ըսած է. «Այս ոտնձգութիւնները ինքզինք ՆԱԹՕ-ի անդամ հռչակող Թուրքիոյ պատմական եւ քրէական պատասխանատուութիւնը կը համարուին եւ Թուրքիան ի՛նք պիտի կրէ ապօրինի իր քայլերուն հետեւանքները»:
Անդրադառնալով Լիպիոյ հարցին, Մաքրոն շեշտած է, որ Ֆրանսա կողմ է տագնապի խաղաղ կարգաւորման: