1923-ին հիմնուած Հալէպի Հայ Ծերանոց (հանգստեան տունը) այս տարի բոլորեց իր հիմնադրութեան 97-րդ ամեակը եւ հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, մինչեւ օրս կը շարունակէ իր առաքելութիւնը, հոգածութեամբ խնամելով մեր ժողովուրդի անկար տարեցները:
Հովանաւորութեամբ հայ երեք Համայնքապետներուն՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանին, Բերիոյ Թեմի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ Արհի. Տ. Պետրոս Արք. Միրիաթեանին եւ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքապետ Վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեանին, կազմակերպութեամբ Հայ Ծերանոցի մեծ ընտանիքին, Կիրակի, 5 Յուլիս 2020-ին միջօրէի ժամը 1։00-ին, ԱՄԺ Տան «Անի» ճաշասրահէն ներս տեղի ունեցաւ Մեծն Ներսէս Հայրապետի յիշատակի օրուան աւանդական հացկերոյթը:
Հացկերոյթին ներկայ էին Հայ երեք Համայնքապետները, ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոսը, ՀՀ Մարդասիրական խումբի Հիւպատոսարանի ներկայացուցիչը եւ անձնակազմի ներկայացուցիչները, արժանապատիւ քահանայ հայրեր, առաքինազարդ քոյրեր, յարգարժան պատուելիներ, հալէպահայ ազգային, եկեղեցական, մշակութային, բարեսիրական,մարզական, հայրենակցական միութիւններու եւ հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ։
Բացման խօսք արտասանեց Արժ. Տ. Կոմիտաս Քհնյ. Տատաղլեան: Քահանայ հայրը ողջունեց ներկաները, ապա փառք եւ գոհութիւն առաքեց Աստուծոյ, որ 97 տարի առաջ հայ ժողովուրդը ունեցած է այնպիսի յանձնառու անձեր, որոնք Մեծն Ներսէս Հայրապետի բարեգործական օրինակին հետեւելով հիմը դրած են Հայ Ծերանոց հանգստեան տան, որ մինչեւ օրս կը շարունակէ իր առաքելութիւնը, հայ երեք համայնքապետներուն հովանաւորութեամբ:
Այս առիթով քահանայ հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց համայնքապետներուն, որոնք միասնական յանձնառութեամբ եւ գործակցութեամբ կը շարունակեն հովանաւորել մարդասիրական սուրբ գործը:
Հայ Ծերանոցի Խնամակալութեան խօսքը ուղղեց Խնամակալութեան ատենապետ Արժ. Տ. Խորէն Քհնյ. Պէրթիզլեան: Քահանայ հայրը յայտնեց, որ Հայ Ծերանոցը իր առաքելութեամբ եւ ծառայութեամբ յատուկ տեղ եւ դեր ունի հալէպահայութեան կեանքին մէջ, ներկաները համարելով Հայ Ծերանոցի անդամներ, որոնք խօսքով ու մանաւանդ գործով իրենց ներդրումը կը բերեն:
Արժ. Տ. Խորէն լուսարձակի տակ առաւ Հայ Ծերանոցի խորհրդանիշ՝ Մեծն Ներսէս Հայրապետի մարդասիրական վարքը եւ Պօղոս առաքեալի նամակներէն մէջբերում կատարելով ըսաւ. «Ամէն անգամ որ Հայ Ծերանոցի առօրեային եւ առաքելութեան նայինք, անոր ընդմէջէն պիտի տեսնենք մեր երանելի սուրբին, Մեծն Ներսէսի, պայծառ պատկերը, որ ճառագայթող ներկայութիւն է ոչ միայն պատմութեան էջերուն մէջ, այլեւ այսօր եւ միշտ, այնքան ատեն որ Հայ Ծերանոցը կը գոյատեւէ շնորհիւ իր նուիրեալներուն, մեր սիրելի հոգեւոր պետերուն, որոնց անմիջական հովանաւորութիւնը կը վայելէ Հայ Ծերանոցը, միաժամանակ իր ողջ անձնակազմով եւ բարերարներով, որոնք իրենց այցելութեամբ եւ նուիրաբերած լումաներով միշտ զօրավիգ կը կանգնին Հայ Ծերանոցին»:
Քահանայ հայրը սրտագին աղօթք բարձրացնելով առ Աստուած, մաղթեց, որ մեր տարեցները առողջ ու հանգիստ ապրին:
Գեղարուեստական յայտագիրով ելոյթ ունեցան հայ մշակոյթի հուրը վառ պահող երիտասարդ-երիտասարդուհիներ: Ռիթա Կաղեան-Տիքպիքեան հոգեպարար առոգանութեամբ ասմունքեց «Քարտէզ» եւ «Հայրենի տուն» քերթուածները: Մարտօ Տատաղլեան «Հայր Իմ» երգը նուիրեց հայ երեք հոգեւոր պետերուն, «Քամանչա» եւ «Յիս Քու Ղիմէթն Չիմ Գիտի» երգերով ներշնչեց ներկաները, ապա հացկերոյթի աւարտին ճոխ երգերով խանդավառութիւն ստեղծեց: Լիւսի Յովհաննէսեան քաղցր ձայնով մեկնաբանեց «Մախմուր Աղջիկ», «Մարալ Ջան Հեզ Արի», «Ախ Իմ Հայրենիքիս Ջուրը» եւ «Սարի Սիրուն Եար» երգերը: Խաչիկ Աշճեան աշուղական շունչով մեկնաբանեց «Այսօր Ես Իմ Եարին Տեսայ» եւ «Եարը Մարդուն Եարա Կու տայ» երգերը: Երգեհոնի նուագակցութիւնը կատարեց տոքթ. Ռաֆֆի Ապէճեան:
Օրուան բեմավար Արժ. Տէր Կոմիտաս ներկայացուց Հայ Ծերանոցի յուշատետրէն փունջ մը արձանագրութիւններ, որոնց կարգին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին խօսքը եւ այս առիթով ան շնորհաւորեց Նորին Սրբութիւնը՝ իր գահակալութեան 25-ամեակին առիթով: Քահանայ հայրը շնորհաւորական խօսք ուղղեց նաեւ Գերապայծառ Տիրոջ՝ քահանայական ձեռնադրութեան 49-ամեակին առիթով:
Այնուհետեւ, Հայ Ծերանոցի տնօրէն Աւօ Գաթրճեան ներկայացուց Հայ Ծերանոցի միամեայ գործունէութիւնը, յայտնելով, որ հաստատութիւնը անմիջականօրէն  կը հովանաւորուի երեք համայնքապետներուն կողմէ, որոնց հայրական հոգածութեամբ ու յորդորներով եւ անոնց ներկայացուցիչներու խնամատարութեամբ աշխատանքները հետեւողականօրէն կը տարուին:
Գաթրճեան յայտնեց, որ Ծերանոցը 8 Հոկտեմբեր 2012-էն սկսեալ «Վերժին Կիւլպէնկեան» մայրանոց-հիւանդանոցի երկյարկանի կառոյց տեղափոխուած է: Ներկայիս պատսպարեալներու թիւն է՝ 30 ծերունիներ, որոնցմէ ութը՝ հիւանդանոցային բաժինին մէջ են:
Նկարագրելով տարուած աշխատանքները, ան յայտնեց, որ Ծերանոցի սենեակները կահաւորուած են ծերունիներուն անհրաժեշտ իրերով, առողջապահական խնամքը լաւագոյնս կը կատարուի՝ Ծերանոցի բժիշկին անմիջական հսկողութեամբ եւ անհրաժեշտ դեղորայքի ապահովումով: 13 Մարտ 2020-էն սկսեալ պսակաձեւ ժահրի կանխազգուշական միջոցներ սկսած են գործադրուիլ Ծերանոցէն ներս՝ կառոյցի հականեխումով, մաքրութեան պահպանումով եւ այցելութիւններու դադրեցումով:
Տնօրէնը հաստատեց, որ հակառակ տիրող դժուարին պայմաններուն, ծերունիները զուրկ չմնացին իրենց անհրաժեշտ պէտքերէն, սննդական եւ առողջապահական խնամքէն, շնորհիւ Ծերանոցի Խնամակալութեան, Տիկնանց Օժանդակ Յանձնախումբին եւ ողջ անձնակազմին: Աւելցնելով ան ըսաւ. «Մեր կատարածը պաշտօնավարում չէ, այլ՝ ծառայութիւն, նուիրում եւ մարդասիրական առաքելութիւն»:
Ապա ան երախտագիտական եւ շնորհակալական խօսք ուղղեց Սուրիոյ վսեմաշուք նախագահ Տոքթ. Պաշշար ալ Ասատին եւ Սուրիոյ Առաջին Տիկնոջ՝ Ասմա ալ Ասատին, հայ երեք համայնքապետներուն, ՀՀ Սուրիոյ դեսպանին, ՀՀ Հալէպի գլխաւոր հիւպատոսին, ՀՀ Մարդասիրական Խումբի ներկայացուցիչին, ղեկավարութեան ու ողջ անձնակազմին, Ծերանոցի Խնամակալութեան եւ Տիկնանց Օժանդակ Յանձնախումին, հայ ժողովուրդի հեռաւոր եւ մերձաւոր կազմակերպութիւններուն ու միութիւններուն, անանուն բարերարներուն եւ հացկերոյթի ներկաներուն՝ իրենց նիւթաբարոյական աջակցութեան համար:
Այս առիթով կատարուեցան նուիրատուութիւններ: Իշխանական նուիրատուութեամբ իրենց ներդրումը բերին նաեւ հայ երեք համայնքապետները:
Աւարտին, երեք հոգեւոր պետերուն կողմէ սրտի խօսք արտասանեց Վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեան, փառք եւ գոհութիւն առաքելով Աստուծոյ այսօրուան հաւաքին համար: Վերապատուելին աւելցնելով ըսաւ. «Այսօր համախմբուած ենք, որովհետեւ մեր արարքով եւ ներկայութեամբ կ’ուզենք տալ պատգամ մը եւ այդ պատգամը հնազանդութիւն է աստուածաշնչական տրամաբանութեան եւ քաղաքականութեան՝ «Պատուէ  հայրդ եւ մայրդ, որպէսզի օրերդ երկար ըլլան»»:
Վերապատուելին կոչ ուղղեց ներկաներուն չբաւարարուելու տարին մէկ օր նուիրատուութեամբ, այլ յաճախակիօրէն այցելելու ծերունիներուն:
Վերապատուելին ըսաւ, թէ  որքան յարափոփոխ ըլլան պայմանները, մենք կը պահպանենք մեր ազգային աւանդոյթները եւ հոգեւոր արժէքները:
Իր խօսքի աւարտին ան օրհնեց բոլոր նուիրատուները եւ Հայ Ծերանոցի Տնօրէնութիւնը, Խնամակալութիւնը, Տիկնանց Յանձնախումբը եւ ծերունիները:
Մարինա Պօղիկեան