ՍԱՆԱ.- Թրքական իշխանութիւնները Սուրիոյ մէջ ահաբեկչութեան զօրավիգ կանգնելով, իսկ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողան սուրիացի տեղահանուածներու քարտը յանուն Թուրքիոյ տնտեսական շահերուն Եւրոպայի դէմ օգտագործելով չեն բաւարարուած: Սպանուած գաղթականներուն անդամները առեւտուրի սեւ ցանցերուն մէջ օգտագործելու, տակաւին թերահաս սուրիացի աղջիկներու բռնի ամուսնութիւններու եւ բռնաբարումներու տխուր պատմութիւններով յագեցած է Թուրքիոյ մէջ սուրիացի գաղթականներուն առօրեան:
Իրաւաբանական կազմակերպութիւններ թրքական իշխանութիւնները զգուշացուցած են սուրիացի թերահաս աղջիկներու նիւթական դժուարութիւնները օգտագործելով թուրքերու հետ բռնի ամուսնացնելու երեւոյթէն: Թերահաս աղջիկներու շահագործման հարցերով հետաքրքրուող ACBET կազմակերպութիւնը Բրիտանիոյ «Ինտիփենտընթ» թերթին մէջ հրապարակած է տեղեկագիր մը, ուր լուսարձակի տակ առած է սուրիացի գաղթական թերահասներու թուրքերու հետ ամուսնութիւնը, անոնց ընտանիքներուն յատկացուող որոշ գումարներու փոխարէն: Կազմակերպութիւնը ողբերգական համարած է տան վարձքի կամ օրական սնունդի ապահովման համար Թուրքիոյ մէջ սուրիացի գաղթականներուն նման միջոցներուն դիմելու հարկադրանքը եւ դատապարտած է թրքական իշխանութիւնները՝ գաղթականներու թղթածրարը օգտագործելով եւ մեծ գումարներ գանձելով մէկտեղ, տեղահանուածները այս աղէտալի վիճակին մատնած ըլլալուն համար: