Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Չորեքշաբթի, 8 Յուլիսին շեշտեց, որ սուրիական ճգնաժամին առնչուող հարցերը պէտք է լուծուին միայն փաստացի տուեալներու հիման վրայ, սակայն ՄԱԿ-ի այն յանձնաժողովը, որ՝ «ինքզինք կ’անուանէ Սուրիոյ հետաքննութեան անկախ յանձնաժողով», այդ պայմանը չ’ամբողջացներ: