1966 թուականի Յունուարին, Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Հասկ» պաշտօնական ամսագիրը «Գէորգ Մելիտինեցի Գրական Մրցանակ» խորագիրին տակ կը ծանուցանէր հետեւեալը.-
«Հիւսիսային Ամերիկայի հայ պատուական ազգայիններէն Տիար Գէորգ Թօփալեան (գրական անունով՝ Գ. Մելիտինեցի) եւ իր կինը՝ ազնուափայլ Տիկին Նարդուհի, հաստատած են գրական մրցանակ մը հետեւեալ տրամադրութիւններով եւ առաջադրութիւններով» (տե՛ս «Հասկ», 1966, էջ 25):
Վերեւի արձանագրութեան կը հետեւի 20 յօդուածներէ բաղկացած կանոնագիր-ծրագիր մը, թէեւ այս բնորոշումը չէ նշուած ո՛չ «Հասկ»ի յիշատակուած համարին եւ ոչ ալ 1970-ին Անթիլիասի տպարանէն լոյս ընծայուած եւ «Գէորգ Մելիտինեցի Գրական Մրցանակ» խորագրուած 15 էջանոց հայերէն եւ անգլերէն գրքոյկին մէջ:
Մրցանակին հիմնական նպատակն էր՝ քաջալերել հայ գրողներն ու անոնց մրցանակի արժանացած երկերը ո՛չ միայն հրատարակել, այլեւ նիւթական պարգեւ մըն ալ տալ անոնց հեղինակներուն:
Նոյն այս ամոլը 1973-ին երկրորդ նուիրատուութեամբ մը կը հաստատէր երկրո՛րդ հիմնադրամ մը՝ «Գէորգ Մելիտինեցի Վերահրատարակման Հիմնադրամ» անունով, որ կը նպատակադրէր ապահովել «Հայ մշակոյթի համար արժէք ներկայացնող հրատարակուած եւ սպառած գործերու վերահրատարակութիւնը»:
Երկրորդ հիմնադրամի հաստատումէն ետք, կարճ շրջան մը, հրատարակուած հատորները կը կրէին «Հրատարակութիւն Գէորգ Մելիտինեցի Գրական Մրցանակի եւ Վերահրատարակման Հիմնադրամի Յանձնաժողովի» արձանագրութիւնը: Ապա՝ կրկին՝ «Հրատարակութիւն Գէորգ Մելիտինեցի Գրական Մրցանակի»:
Գէորգ Մելիտինեցի Գրական Մրցանակի հիմնադիր բարերարին փափաքով կազմուած առաջին դատակազմի անդամները եղած են՝ Գարեգին Եպս. Սարգիսեան, Ներսէս Ծ. Վրդ. Բախտիկեան, Կարօ Սասունի (ատենապետ), Բիւզանդ Եղիայեան (ատենադպիր), Բաբգէն Փափազեան, Հրաչ Տասնապետեան եւ Պօղոս Սնապեան:
Յաջորդող տարիներուն դատակազմի անդամները, զանազան պատճառներով, փոփոխութեան ենթարկուած են, օրուան կաթողիկոսին տնօրինումով, խորհրդակցաբար բարերարին հետ: Ատենապետի պաշտօնը յաջորդաբար վարած են՝ Կարօ Սասունի, Հրաչ Տասնապետեան, Պօղոս Սնապեան, Գէորգ Գանտահարեան, Պէպօ Սիմոնեան, Ժիրայր Դանիէլեան (այժմու):
1966-ին հիմնուած Գէորգ Մելիտինեցի Գրական Մրցանակի առաջին հրատարակութիւնը կ’ըլլայ Մուշեղ Իշխանի «Տառապանք» Քերթուածներու հատորը (1968), որուն, նոյն տարին, կը հետեւին երկու այլ հրատարակութիւններ:
1968-էն ի վեր անցած են 52 տարիներ: Այդ տարիներու ընթացքին, հակառակ Լիբանանը հարուածող բազմաթիւ աղէտներուն, անդուլ շարունակեց բանիլ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մամուլը եւ լոյս ընծայել թանկարժէք հրատարակութիւններ:
Նոյն հետեւողականութեամբ շարունակուեցան լոյսին գալ Գէորգ Մելիտինեցի Գրական Մրցանակին արժանացած գրական, պատմական, մշակութային գործեր, նաեւ վերահրատարակուիլ «սպառած եւ Հայ մշակոյթի համար արժէք ներկայացնող» հրատարակութիւններ, ինչպէս նշուած է 1973-ին պատրաստուած եւ հրատարակուած «Միացեալ Կանոնագիր»ին մէջ:
Այսօր, 2020 թուականին, Կաթողիկոսարանի տպարանէն լոյս կը տեսնէ Գէորգ Մելիտինեցի Գրական Մրցանակի հրատարակութեանց ՀԱՐԻՒՐԵՐՈՐԴԸ, որ ծանօթ բեմադրիչ եւ թատերագիր Վաչէ Ատրունիի «ԾԵՐՈՒՆԻՆ ԵՒ ԼԵՌԸ» թատրերգութիւններու հատորն է:
Շարքը երկար է այն հեղինակներուն, որոնց գրական ու այլազան գործերը լոյս տեսած են այս մրցանակին կողմէ, իբրեւ վերահրատարակութիւն եւ նոր հեղինակութիւն:
Եթէ բոլոր անուններու յիշատակութիւնը երկար, շա՜տ երկար պիտի ըլլայ, սակայն, պիտի փորձեմ ներկայացնել անոնցմէ ծաղկաքաղ մը:
ա) Վերահրատարակուած հեղինակներ.- Գրիգոր Նարեկացի, Կոստան Զարեան, Յակոբ Օշական, Արամ Հայկազ, Բենիամին Թաշեան, Նիկողոս Սարաֆեան, Վախթանգ Անանեան, Օհան Կարօ, Արշակ Ա. Ալպօյաճեան:
բ) Ծանօթ հեղինակներ.- Մուշեղ Իշխան, Նշան Պէշիկթաշլեան, Մարտիրոս Մինասեան, Պօղոս Սնապեան, Արմէն Դարեան, Վահէ Օշական, Սմբատ Փանոսեան, Եդուարդ Տասնապետեան, Եդուարդ Պօյաճեան, Աբրահամ Ալիքեան, Գրիգոր Պըլտեան, Արսէն Երկաթ, Բաբգէն Փափազեան, Յակոբ Մնձուրի, Նուպար Չարխուտեան եւ ուրիշներ:
գ) Նոր անուններ.- Վարանդ, Վարդան Մատթէոսեան, Փանոս Ճերանեան, Յակոբ Նալպանտ, Մարուշ Երամեան, Յակոբ Միքայէլեան, Գէորգ Եազըճեան, Զօհրապ Գիրէջեան, Արա Արծրունի, Յակոբ Սարգիսեան, Յակոբ Ադամեան, Շուշիկ Տասնապետեան, Յակոբ Պալեան, Զաւէն Մսըրլեան, Խաչիկ Խաչեր, Պերճուհի Աւետեան, Ալեքսան Պէրէճիքլեան, Կարօ Աբրահամեան, Գառնիկ Գալստեան եւ ուրիշներ:
դ) Թարգմանական եւ օտարալեզու գործեր.- Դանիէլ Վարուժան, J.M. Thierry, Apig Zorian, Zaven Messerlian, Arch. Gorun Babian, Իտա Ալէմետտին, Իպրահիմ ալ Խալիլ, Քեմալ Եալչըն, Լէօ Թոլսթոյ:
Երբ 1995-ին Արամ Ա. Կաթողիկոս կը դառնայ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսական Աթոռին գահակալը, իր այլազան շինարարական ու մշակութային գործունէութեանց առընթեր եւ բազմազբաղ վիճակին, յատուկ կարեւորութիւն կ’ընծայէ Կաթողիկոսարանի հրատարակչական գործունէութեան: Նորին Սրբութեան գահակալութեան օրերուն կ’աւելնայ թիւը հրատարակչական հիմնադրամներուն, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կ’առաջնորդուի յատուկ յանձնախումբով: Վեհափառ Հայրապետը անձնապէս կը նախագահէ գրեթէ բոլոր ժողովներուն եւ իր իմաստուն խորհուրդներով ու թելադրանքներով մեծապէս օգտակար կը հանդիսանայ անոնց աշխատանքներուն:
Գէորգ Մելիտինեցի Գրական Մրցանակի հարիւրերորդ հատորի լոյս ընծայման առիթով կ’արժէ, որ արձանագրուի հետեւեալ իրողութիւնը:
1968-ին, ինչպէս նախապէս նշուեցաւ, Հիմնադրամի առաջին գիրքը լոյս տեսած է: Մինչեւ 2020, անցնող 52 տարիներու ընթացքին հրատարակուած գիրքերուն թիւը հասած է հարիւրի: Այդ հարիւր գիրքերէն 74-ը, շուրջ երեք չորրորդը, լոյսին եկած է Արամ Ա. Կաթողիկոսի գահակալութեան 25 տարիներու ժամանակաշրջանին: Պատահած է նաեւ, որ մէկ տարեշրջանին՝ 5, 6, 7 եւ 8 գիրքեր լոյս տեսած ըլլան: Մէկ խօսքով՝ Արամ Ա. Կաթողիկոսի գահակալութեան տարիները բերքառատ եղած են հրատարակչական մարզէն ներս նաեւ:
Այսօր Կաթողիկոսարանէն ներս կը գոյատեւեն Գէորգ Մելիտինեցի Գրական Մրցանակն ու հրատարակչական 3-4 այլ հիմնադրամներ: Պէյրութի մէջ գոյութիւն ունին հրատարակչական ուրիշ հիմնադրամներ եւս: Ուրեմն հայ գրողը դժուարութիւն չունի իր գիրքերուն հրատարակութիւնը ապահովելու: Պայմանաւ որ անոնք հրատարակութեան արժանի գործեր ըլլան:
Ժիրայր Դանիէլեան