Մայր Բնութեան բարկութիւնը
Մայր բնութիւնը մեր բոլորին միտքերուն մէջ առնչուած է բարութեան ու գուրգուրանքի հետ։ Չէ՞ որ ան կը պարգեւէ մեզի իր բարիքները՝ միրգեր, հացահատիկ ու անասուններ, ջուր ու շնչելու մաքուր օդ… բայց յաճախ կը մոռնանք յիշելու նաեւ անոր այլ երեսը՝ խորթ մայրը, սարսափելի վհուկը, որ կաթսային բովանդակութիւնը խառնելով կարծէք խառնակութեան ու շփոթի կը մատնէ ամբողջ մարդկութիւնը։ Իր բարկութիւնը կ’արտայայտէ ջրհեղեղներով ու երաշտով, երկրաշարժով, հրաբուխով ու… համաճարակներով…
Փաստօրէն այս բոլորը նորութիւններ չեն։ Աղէտներ եղած են ու կը շարունակեն ըլլալ, այնքան ատեն, որ կայ անոնցմէ վնաս կրող մարդկութիւն։ Սակայն 21-րդ դարու մարդը ձերբազատած էր առասպելաբանական միտքէն, իբրեւ թէ գիտութեան ու տրամաբանութեան մէջ գտնելով իր փրկութիւնը։ Այսօր, պսակաձեւ ժահրին պարտադրած կացութեան ընդառաջ, երբ գիտութիւնն ալ անճռկած կը մնայ, ամէն ժամանակէ աւելի պէտք ունինք առասպելաբանական մտածողութեան, թէկուզ մասամբ մը վերագտնելու մեր հոգեկան հաւասարակշռութիւնը եւ զերծ մնալու ինքնամեկուսացման պարտադրած ճահճացումէն։
Եկէ՛ք քայլ մը ետեւ երթանք եւ նայինք, թէ ի՛նչ կրնանք գտնել դիցաբանութեան էջերուն մէջ եւ ո՛ւր կրնանք գտնել քիչ մը մխիթարանք, ահաւոր այս պայմաններուն տակ։
Առասպելաբանական միտքը կ’ընդունի, որ բնութեան մէջ ամէն բան երկբնոյթ է։ «Ամէն չարիքի մէջ բարիք կայ», կ’ըսէ հայկական ասացուածքը եւ կարելի է նաեւ նկատել հակառակը՝ կարծեցեալ բարիքներուն մէջ քողարկուած չարիք, որուն ներկայութեան կ’անդրադառնանք միայն այն ատեն, երբ շատ ուշ է արդէն։ Բնութիւնը ինքնին զերծ չէ այս երկուութենէն։ Մայր Բնութիւնը, որ յաճախ կը ներկայացուի մայր աստուածութեամբ, առատութեան ու մայրութեան դիցուհիով, միշտ ունի իր հակապատկերը, երբեմն իր քոյրը կամ դուստրը, մահ ու սարսափ տարածող դիցուհին։ Այս գաղափարին մարմնացումը կը գտնենք հինտուսական դիցաբանութեան մէջ, ուր ստեղծագործ մայր դիցուհիին՝ Շաքթիին մարմնաւորումներէն մէկը կը կոչուի Քալի, որ ծայր աստիճան անխղճութեամբ ու բրտութեամբ կը պատժէ իր դէմ մեղանչողները։ Մինչ Շաքթի կը պատկերուի իբր խաղաղութիւն շողացող, գեղադէմ երիտասարդ կին, Քալի կը ներկայանայ սարսափազդու պատկերով մը։ Անոր մարմինը յաճախ սեւ կամ մուգ կապոյտ է, դուրս ցցուած երկար լեզուն կարմիր է, ներկուած իր թշնամիներուն արիւնով, չորս ձեռքեր ունի, որոնցմէ մէկը սուր կամ մանգաղ բռնած է, միւսը՝ կտրուած գլուխ մը, երրորդը արիւնաթաթախ պարզուած ձեռք մըն է, իսկ չորրորդով բռնած է աման մը, որուն մէջ կը կաթի կտրուած գլխուն արիւնը։ Դիցուհիին վիզը զարդարուած է թշնամիներուն կմախքներով եւ ան դիակի մը վրայ կանգնած, խելայեղ նայուածքներով կը պարէ մահուան պարը։ Մայր Բնութեան այնքան ալ գեղեցիկ պատկերացում չի թուիր ըլլալ։
Շումերական դիցաբանութեան մէջ կը հանդիպինք մայր դիցուհիի՝ Ինանայի քրոջ Արեշքեճալին, որ մեռելներու աշխարհի դիցուհին էր։ Շումերական սալիկները որքան հարազատ կերպով կը ներկայացնեն անոնց տարբերութիւնները։ Ինանա, կեանք տուող մայր դիցուհին ունի կակուղ կուրծքեր, որոնցմէ յաւերժաբար կը հոսի սնուցող կաթ, մինչ Արեշքեճալի կուրծքերը քարի կտորներ են։ Ան անկարող է կեանք պարգեւելու եւ այդ կեանքը սնուցանելու։ Ան կը տիրէ մեռելներու աշխարհին վրայ, իր ամուսինին, համաճարակներու աստուած Ներճալի ընկերակցութեամբ եւ իր մէկ նայուածքով կը քարացնէ ու մահուան կը դատապարտէ որեւէ շնչող էակ։
Դժբախտաբար մեր հայկական դիցաբանութենէն մեզի չէ հասած Անահիտին ժխտական մարմնացումը, սակայն ժողովրդական հեքիաթներուն մէջ յիշուած չար պառաւները, դաժան խորթ ու հարազատ մայրերը խորհրդաւոր այդ անձնաւորութեան վերապրուկներն են։
Այսօր, բոլոր ժամանակներէն աւելի ականատես կ’ըլլանք Մայր Բնութեան դաժան բարկութեան։ Կարծէք այլեւս անոր շփացած զաւակները չենք։ Ան սկսած է նախապատուութիւնը տալ իր զաւակներէն ամէնէն փոքրին, բջիջէն ալ աւելի փոքր ժահրին, որպէսզի սանձէ մարդ արարածին ագահ ընթացքը։ Կարծէք Մայր Բնութիւնը դիտաւորեալ ձեւով մարդկութիւնը կը հարուածէ անոր ամէնէն խոցելի տեղէն՝ շնչառութենէն։
Մարդ արարածին համար շնչառութիւնը կեանքի հոմանիշն է։ Երբ մօր արգանդէն դուրս կու գանք դէպի աշխարհ, առաջին անգամ ըլլալով մեր շնաչառական գործարանները կ’աշխատին, խորունկ շունչ կ’առնենք եւ կ’արձակենք կեանքի առաջին ճիչը, յայտարարելու համար մեր գալուստը։ Այդ պահէն մինչեւ մահ, միակ բանը որ մեր հետ կայուն կը մնայ, կը փաստէ, որ տակաւին կ’ապրինք, մեր շնչառութիւնն է։ Ինչպէս հայերէնի, այնպէս ալ բազմաթիւ լեզուներու մէջ, «շունչ» բառը կը գործածուի որպէս «կեանք» բառի հոմանիշ։ «Շնչաւոր էակ» կ’ըսենք հայերէնով, նկատի ունենալով բոլոր ապրող էակները, իսկ երբ մէկուն մահուան կ’ակնարկենք, կ’ըսենք՝ «Վերջին շունչը փչեց»։
Պսակաձեւ ժահրը եկաւ մարդկութեան շնչառական գործարանները հարուածելու, մարդկութիւնը շնչահեղձ ընելու։ Ահա թէ ինչո՛ւ այլ համաճարակներէ աւելի սարսափելի կը թուի ան մեզի։ Կարծէք ան Մայր Բնութեան, Քալիին դաժան ձեռքն է՝ բռնած մարդկութեան կոկորդէն, Արեշքեճալին մահացու նայուածքը որ քիչ-քիչ մեր շունչը կը սպառէ։
Եւ ճակատագրի ի՛նչ հեգնանք, երբ մարդ արարածը անտեսանելի ժահրով շնչահեղձ կ’ըլլայ, բնութիւնը լիաթոք շունչ կը քաշէ։ Մարդկութեան պատճառած ապականութեան հետքերը սկսած են չքանալ։ Օդը սկսած է մաքրուիլ, օզոնի շերտը կարկտուած է եւ ովկիանները, ծովերն ու գետերը հարիւրաւոր տարիներէ ի վեր առաջին անգամ ըլլալով անգամ մը եւս կը ցուցադրեն իրենց մաքրամաքուր ընդերքը։
Բայց ա՞յս է մեր գոյութեան պայմանը՝ ապրիլ մեռցնելով, այլապէս՝ ապրեցնել մեռնելով։ Արդեօք չե՞նք կրնար բնութեան հետ համահունչ գոյատեւել այս մոլորակին վրայ, առանց բարկացնելու Մայր Բնութիւնը։ Յատկապէս վերջին երկու դարերուն, մարդկային ագահութիւնն ու յաւակնոտութիւնը մեր մոլորակը խրեցին ապականութեան տիղմին մէջ։ Պսակաձեւ ժահրը իր հետ բերաւ մեզի բազմաթիւ դասեր, ան Մայր Բնութեան առաջին ազդարարութիւնն է ագահ մարդուն, դեղին քարտը, ինչպէս պիտի անուանէին ֆութպոլի սիրահարները։ Արդարօրէն կը փափաքինք, որ պսակաձեւ ժահրի զոհերուն կեանքը իզուր գացած չըլլայ, հետեւաբար, պարտինք արժէքաւոր դասեր քաղել պատահածէն, պարտինք հետեւիլ անոնց, չվերադառնալ մեր հին սպառիչ կեանքին։ Մսխումի մշակոյթէն հեռանալով վերագտնենք մեր երբեմնի հոգեւոր արժէքները, վերադառնանք բնութեան ու անոր Արարիչին գիրկը, այլապէս ամբողջ մարդկութիւնը պիտի ըլլայ այն դիակը, որուն վրայ Քալի կը պարէ մահուան իր պարը։
Յուշիկ Ղազարեան