Թուրքիոյ Գերագոյն Վարչական դատարանը երէկ ջնջեց Ս. Սոֆիա տաճարը թանգարանի վերածելու Թուրքիոյ կառավարութեան 1934-ի որոշումը` այդպիսով ճամբան հարթելով զայն մզկիթի վերածելու Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողանի ծրագիրին առջեւ:

«Կրիքսիթիթայմզ» կայքը հաղորդեց, որ Էրտողանի գաղտնի խորհրդական Մեհմետ Արըչ «Թուիթըր»ի վրայ գրած է, որ դատարանը միաձայնութեամբ ջնջած է 27 Նոյեմբեր 1934-ի որոշումը:

Դատարանի որոշումի հրապարակումէն անմիջապէս ետք Էրտողան ստորագրեց Ս. Սոֆիան մզկիթի վերածելու հրամանագիրը:

«Սքայ Նիուզ» հաղորդեց. «Յունաստան կը քննադատէ Այա Սոֆիայի կարգավիճակը փոխելու վերաբերող Էրտողանի որոշումը` զայն նկատելով միջազգային ընտանիքին ուղղուած «բացայայտ կրօնական հրահրում մը»:

Ռուսիոյ ուղղափառ եկեղեցին իր կարգին ցաւ յայտնեց, որ թրքական դատարանը Ս. Սոֆիայի թանգարանի կարգավիճակը ջնջելու իր որոշումին մէջ ականջ չէ տուած «միլիոնաւոր քրիստոնեաներու մտավախութիւններուն»:

Նախքան այդ, քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութենէն Թուրքիոյ խորհրդարանի անդամ Կարօ Փայլան դիմատետրի իր էջին վրայ գրառում կատարելով յայտնեց. «Ս. Սոֆիայի տաճարին մասին իր որոշումով Էրտողան ցոյց կու տայ, որ յարգանք չունի այս հողին բազմադարեայ պատմութեան եւ ինքնութիւններու բազմազանութեան նկատմամբ: Ս. Սոֆիայի տաճարը պէտք է դադրի միջկրօնական հարց ըլլալէ եւ պահպանուի թանգարանի կարգավիճակով` իբրեւ մարդկութեան համաշխարհային ժառանգութիւն»:

Երուսաղէմի ուղղափառ եկեղեցւոյ պատրիարք Թէոֆիլոս Գ. եւ Ռումանիոյ պատրիարք Դանիէլ, Մոսկուայի եւ համայն Ռուսիոյ պատրիարք Քիրիլին միանալով, մտահոգութիւն յայտնած են Պոլսոյ Ս. Սոֆիա տաճարը մզկիթի վերածելու` թրքական իշխանութիւններու որոշումին առնչութեամբ:

«ՌԻԱ Նովոսթի»ի Երուսաղէմի պատրիարքը, վկայակոչելով այն, որ տաճարը շուրջ հարիւր տարի թանգարանի կարգավիճակ ունեցած է, յոյս յայտնած է, որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները ի վերջոյ կը յարգեն տաճարին ներկայ` թանգարանի կարգավիճակը եւ կը հրաժարին զայն մզկիթի վերածելու որոշումէն:

Ռումանիոյ պատրիարքն ալ յայտարարած է, թէ Ս. Սոֆիա տաճարը քրիստոնէական քաղաքակրթութեան ու հաւատքի խորհրդանիշն է` ընդգծելով ատոր մշակութային բացառիկ նշանակութիւնը:

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայիփ Էրտողան նախապէս յայտարարած էր, որ Ս. Սոֆիա տաճարը թանգարանէն մզկիթի վերածելու համար կը սպասէ երկիրի գերագոյն վարչական դատարանի որոշումին:

Միւս կողմէ` ԻՒՆԵՍՔՕ յայտնեց, որ զինք պէտք է տեղեակ պահել Ս. Սոֆիա տաճարի թանգարանի կարգավիճակի որեւէ փոփոխութեան մասին` աւելցնելով, որ Համաշխարհային ժառանգութեան յանձնախումբը թերեւս պէտք է քննէ այդ փոփոխութիւնը:

ԻՒՆԵՍՔՕ յայտնեց, որ Ս. Սոֆիան իր Համաշխարհային ժառանգութեան ցուցակին վրայ ներառուած է իբրեւ թանգարան, եւ այդ պատճառով որոշ յանձնառութիւններ եւ իրաւաբանական խոստումներ ունի: «Ուստի պէտք է պետութիւնը վստահ ըլլայ, որ պիտի չկատարէ բարեփոխում մը, որ վնասակար ըլլայ իր հողերուն վրայ գտնուող եւ տուեալ ցանկին վրայ ներառուած վայրի մը համաշխարհային ակներեւ արժէքին հանգամանքին», նշեց կազմակերպութիւնը:

ԵՈՒՆԵՍՔՕ յայտնեց, որ իր մտավախութիւնները քանի մը նամակներով փոխանցած է թրքական իշխանութիւններուն եւ այս պատգամը հինգշաբթի օր փոխանցած են կազմակերպութեան մէջ Թուրքիոյ դեսպանին: