ՀՀ Մարդկային Իրաւունքներու Պաշտպան Արման Թաթոյեան դիմատետրի էջին մէջ գրած է Հայաստանի Հանրապետութեան Տաւուշի մարզի Մովսէս եւ շարք մը այլ գիւղերու բնակիչներէն Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպանի աշխատակազմը ահազանգեր ստացած են, որ ատրպէյճանական զինեալ ուժերը 12 Յուլիսին` ժամը 23-ին Տաւուշի մարզի ուղղութեամբ գնդակոծութիւն սկսած են:
«Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպանի աշխատակազմը նոյնատիպ ահազանգեր ստացած է նաեւ 12 Յուլիսի` ցերեկային ժամերուն:
Ըստ Մովսէս գիւղի բնակիչներուն Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպանին ուղղուած ահազանգերուն, ատրպէյճանական կողմէն գիւղին շատ մօտ հեռաւորութեամբ կրակոցներ արձակուած են: Խաղաղ բնակչութեան արժեւորումով` գնդակոծութիւնը այնպիսի ձեւով կատարուած է, որ քաղաքացիական բնակավայրին իրական դարձուցած է, իրենց առողջութեան ու կեանքին, սեփականութեան վնաս պատճառելու վտանգը:
Նշուած ահազանգերէն անմիջապէս ետք Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպանը արձանագրած է ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութեան պաշտօնական հաղորդագրութիւնը, որ ատրպէյճանական կողմը Հայաստանի զինեալ ուժերու դիրքերու հրետակոծում իրականացուցած է: Անկէ բացի, Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի պաշտօնական հրատապ հարցումով հաստատած է, որ գնդակոծութիւնը իրականացուած է Հայաստանի Հանրապետութեան Տաւուշի մարզի խաղաղ բնակավայրերու անմիջական հարեւանութեամբ եւ այդ բնակավայրերուն վնաս պատճառելու իրական վտանգ առկայ է: Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի աշխատակազմը կը պահպանէ նաեւ անմիջական կապ Հայաստանի Տաւուշի մարզի սահմանապահ գիւղերու բնակիչներուն եւ համայնքներու վարչական մարմիններու հետ:
Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը, ըլլալով մարդու իրաւունքներու ազգային անկախ հաստատութիւն եւ առաջնորդուելով իրաւապաշտպան սկզբունքներով բացառապէս, խստօրէն կը դատապարտէ Հայաստանի Հանրապետութեան խաղաղ բնակավայրերու անմիջական հարեւանութեամբ գնդակոծութիւնը, այդ բնակավայրերու բնակիչներուն, անոնց առողջութեան ու կեանքին, սեփականութեան վնաս պատճառելու իրական վտանգով: Այս երեւոյթը առաւել դատապարտելի է (COVID-19) համաճարակի պայմաններուն տակ:
Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը կը հրաւիրէ մարդու իրաւունքներու միջազգային կազմակերպութիւններուն նշուած փաստերը եւ կը տեղեկացնէ, որ նախաձեռնած է թիրախային դիտարկում, որուն հետեւանքները սահմանուած կարգով կ’ամփոփուին ու կ’ուղարկուին միջազգային կառոյցներուն»: