Երկուշաբթի, 13 Յուլիս 2020-ին, Սուրիոյ Առողջապահութեան Նախարարութիւնը յայտարարեց, որ պսակաձեւ ժահրով վարակուած 23 նոր պարագաներ արձանագրուեցան,10 պարագաներ բուժուեցան եւ 3 պարագաներ մահացան։ Այսպիսով Սուրիոյ մէջ պսակաձեւ ժահրով վարակուածներուն թիւը կը հասնի 417-ի, մահացածներունը՝ 19-ի, իսկ բուժուածներունը՝ 136-ի։