«Արմէնփրէս».- ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարի պաշտօնական ներկայացուցիչ Սթեֆան Տիւժարիկը հայ-ատրպէյճանական սահմանին բախումներու մասին մեկնաբանութեամբ հանդէս  եկած է ` ներկայացնելով գլխաւոր քարտուղարի մտահոգութիւնը:

ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարի պաշտօնական ներկայացուցիչի մեկնաբանութիւնը․

«Գլխաւոր քարտուղարը անհանգստութիւն  յայտնած է հայ-ատրպէյճանական սահմանին  ծանր զինատեսակներու օգտագործումով փոխհրաձգութեան մասին հաղորդագրութիւններով,  որոնք, ինչպէս հաղորդուած է, յանգած են մարդկային կորուստներու: Գլխաւոր քարտուղարը կոչ ուղղած է անյապաղ դադրեցնել մարտական գործողութիւնները, բոլոր ներգրաւուած կողմերուն լարուածութիւնը թուլացնելու քայլեր ձեռնարկել եւ սադրիչ հռետորաբանութենէն զերծ մնալու կոչ ուղղած է:

Գլխաւոր քարտուղարը ի գիտութիւն ընդունած է ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի համանախագահներու յայտարարութիւնը եւ կրկին իր ամբողջական աջակցութիւնը յայտնած է այս վտանգաւոր իրավիճակը կարգաւորելու եւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման խաղաղ, բանակցային ճամապարհով լուծումներ փնտռելու անոնց ջանքերը»: