Սոյն թուականի 1 եւ 2 Յուլիսին տեղի ունեցաւ ԸԵՄՄ-ի (Ընկերվարական Երիտասարդների Միջազգային Միութեան Սեւծովեան տարածաշրջանի յանձնախումբի տարեկան ժողովը:

Համաճարակի պատճառով ժողովը տեղի ունեցաւ առցանց: ՀՅԴ Երիտասարդականի անունով ժողովին կը մասնակցէր Սարինէ Աբրահամեան:

ժողովին կը մասնակցէին ներկայացուցիչներ` Պելառուսէն, Պուլկարիայէն, Վրաստանէն եւ Ուքրանիայէն: Քննարկումի հիմնական նիւթն էր` թագաժահրի պարտադրած պայմանները եւ անոր հետեւանքներուն դէմ պայքարը:

Ժողովի առաջին օրուան օրակարգին մասնակից երկիրներու ներկայացուցիչներու զեկոյցներն էին` վերոյիշեալ երկիրներուն մէջ տիրող առողջապահական եւ տնտեսական վիճակներու մասին: Ներկայացուցիչները ներկայացուցին իրենց երկիրներու կառավարութիւններուն կատարած աշխատանքը` համաճարակի հետեւանքներուն վերացման ուղղուած: Խօսուեցաւ ոչ միայն կառավարութիւններուն իրականացուցած գործողութիւններուն մասին, այլ նաեւ իւրաքանչիւր կազմակերպութեան աշխատանքներուն եւ կամաւորական նախաձեռնութիւններուն մասին, որոնք յատկապէս հասարակութիւններու խոցելի խումբերու պաշտպանութեան ուղղուած են:

ՀՅԴ երիտասարդականի ներկայացուցիչը յայտնեց, որ Հայաստանի ՀՅԴ Երիտասարդական Միութիւնը նախաձեռնած է «Օգնէ Հայրենակցիդ» ծրագիրը, որուն ներգրաւուած է ՀՅԴ երիտասարդականի ողջ համաշխարհային կառոյցը: Ծրագիրի նպատակն է սննդամթերքով օգնել Հայաստանի կարիքաւոր ընտանիքներուն, որոնք առանձնայատուկ ծանր վիճակի մէջ յայտնուած են` յատկապէս համավարակի պատճառով:

Երկրորդ օրուան օրակարգը նուիրուած էր համավարակին դէմ պայքարի մէջ արդիւնաւէտ միջոցներու կիրառումին` ինչպէս առանձին պետութեան, նոյնպէս  տարածաշրջանային առումով:

Մէկ այլ կէտով քննարկումը ընթացաւ տարածաշրջանի մէջ առկայ հակամարտութիւններուն շուրջ: Ժողովը հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ, որ կարելի է հետեւեալ յղումով վերբեռնել:

ՀՅԴ Երիտասարդականի ջանքերով յայտարարութեան մէջ նշուեցաւ, որ Ատրպէյճանի ռազմատենչ քաղաքականութիւնը ընդդէմ Արցախի ժողովրդի ազատագրական պայքարին դատապարտելի է: Յայտարարութեան մէջ յիշուած է, որ հակառակ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհորդի 1 Յուլիսի բանաձեւի, համաշխարհային հրադադարի մասին, Ատրպէյճանը Արցախի եւ Հայաստանի Հանրապետութիւններու սահմանին սադրիչ զինավարժութիւններ կազմակերպած է: