ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան 15 Յուլիսին հեռաձայնային զրոյց ունեցած է Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի հետ:

Արծարծուած են առաւելաբար հայ-ատրպէյճանական սահմանին վերջին օրերուն արձանագրուած լարուածութիւնը, յատկապէս, Թուրքիոյ ռազմաքաղաքական բարձրագոյն իշխանութիւններուն կողմէ միակողմանի և հակահայ յայտարարութիւններն ու Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան աշխատանքները՝ ի զօրակցութիւն հայկական պետականութեան ու բանակին:

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան յայտնած է, որ ՀՅԴ Հայ Դատի գրասենեակները տարբեր պետութիւններու մէջ անմիջապէս բարձրաձայնած են Ատրպէյճանի սադրանքներուն Թուրքիոյ մեղսակցութեան մասին․ այդ ուղղութեամբ աշխատանքները կը շարունակուին, և որոշ շրջանակներէ կան դրական արձագանգներ հայկական մտահոգութիւններուն մասին։

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը վերահաստատած է միշտ հայրենիքին, հայոց բանակին և հայ զինուորին կողքին ըլլալու կուսակցութեան
յանձնառութիւնը:

Այս հեռաձայնային զրոյցին մասին, իր ֆէյսբուքեան գրառումին մէջ Արցախի նախագահը արձանագրած է. «Բարձր գնահատելով Դաշնակցութեան դերը համազգային շահերու պաշտպանութեան ու առաջմղման համատեքստում՝ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանին ներկայացրել եմ Արցախի իշխանութիւնների դիրքորոշումը քննարկուած հարցերի վերաբերեալ»:

ՀՅԴ Հանրային Կապերի Գրասենեակ
15 Յուլիս 2020