Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան երիտասարդական ու ուսանողական միութեան անդամները բողոքի շարժում իրականացուցինն ՀՀ-ի Ուքրանիոյ դեսպանատան դիմաց: Ցոյցին պատճառն էր Ուքրանիոյ տարածած յայտարարութիւնը` հայ-ատրպէյճանական սահմանին Ատրպէյճանի հրահրած սադրանքին մասին:

ՀՅԴ Ուսանողական Միութեան անդամ Գոռ Սարգսեան լրագրողներու հետ զրոյցին մէջ յայտնեց․ «Ինչպէս գիտենք, արդէն քանի մը օր է` Ատրպէյճանը պատերազմ սկսած է հայ-ատրպէյճանական սահմանին եւ սահմանի վրայ բախումներ տեղի կ’ունենան:
Մարդասպան Ատրպէյճանը դարձեալ արարք դրսեւորած է, այս առիթով տարբեր պետութիւններու, տարբեր միջազգային կազմակերպութիւննեու կողմէն եղան յայտարարութիւններ, եղան պետութիւններ, որոնք յայտարարութիւն չտարածեցին, բայց Ուքրանիան տարածեց հաղորդագրութիւն մը, որ տարածաշրջանի մէջ իրավիճակը սրած է:
Ուքրանիոյ տարածած յայտարարութիւնը ջուր կը լեցնէ մարդասպան Ատրպէյճանի ջրաղացին, այդ յայտարարութիւնը միակողմանի էր` յօգուտ Ատրպէյճանին», ըսաւ Գոռ Սարգսեան:
Ան ընդգծեց, որ իրենք` որպէս հայ երիտասարդներ, իրենց բողոքի շարժումը կատարեցին ՀՀ-ի Ուքրանիոյ դեսպանատան մօտ: «Դուք սեպ կը խրէք Հայաստանի եւ Ուքրանիոյ յարաբերութիւններուն մէջ: Բոլորիս յստակ է անոր պատճառը, որուն ետին մեծ նիւթական շահեր կանգնած են, տարբեր, տարբեր շարժառիթներ: Մենք եկած ենք ձեզի փոխանցելու ձեր եփած ճաշը, ձեր եփած բորշը, կ’ուզենք ըսել` կ’երէք այդ բորշը եւ լուռ մնացէք», ըսաւ ան, ապա երիտասարդները ափսէներով բորշ նետեցին դեսպանատան ուղղութեամբ:
Անոնք վանկարկեցին Ուքրանիա, «սադրանք մի՛ տարածեր», «մի՛ աջակցիր, շարժումներուն», «Ատրպէճանը հրահրող է»:
Գոռ Սարգսեան դիտել տուաւ, որ իրենց այս գործողութիւնը շատ մեղմ է Ուքրանիոյ տարածած յայտարարութեան դիմաց:
Գոռ Սարգսեան աւելցուց, որ պսակաձեւ ժահրի համավարակի պայմաններուն տակ նման ձեռնարկներ երկար չեն կրնար տեւել, ուստի իրենք ալ երկար չեն կրնար արարքը շարունակել եւ աւելի երկար բացատրել Ուքրանիոյ: Երիտասարդները իրենց հետ բերած պաստառները ձգեցին դեսպանատան առջեւ եւ հեռացան: