Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանի, կազմակերպութեամբ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու Կեդրոնական Յանձնախումբին, Երեքշաբթի, 14 Յուլիս 2020-ին, երեկոյեան ժամը 8։00-ին, Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ ժողովրդային նախընտրական հաւաք մը։
ՀՄԸՄ-ի փողերախումբը ազգային երգերով դիմաւորեց հրաւիրեալները, ապա սուրիական քայլերգով հանդիսութեան մեկնարկը կատարեց: Հաւաքին սրբազան հօր կողքին ներկայ էին՝ Հայ Կաթողիկէ Համայնքի պետ Արհ. Տէր Պետրոս Արք. Միրիաթեան, Սուրիոյ Հայ Աւետ. Համայնքի պետի ներկայացուցիչ Պատուելի Սիմոն Տէր Սահակեան, Սուրիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններու ազգի թեկնածու Ժիրայր Րէիսեան ու իր ցանկին մասնակից թեկնածուներ Պուլոս Մկէրպէնէ եւ Սաուսան Նիզար Խալիլի, հալէպահայ կազմակերպութիւններու, ազգային, մարզական, բարեսիրական եւ մշակութային միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հալէպահայերու հոծ բազմութիւն մը։
Արաբերէն բացման խօսքով Աննա Պարսումեան լուսարձակի տակ առաւ Սուրիոյ մէջ տարբեր ազգերու խաղաղ գոյակցութիւնը, եղբայրական սէրն ու համերաշխ կեանքը: Ապա յայտնեց. «Սուրիահայերն ալ սուրիական հայրենիքին անբաժան մասնիկը ըլլալով ապրեցան եւ ծաղկեցուցին օրհնեալ այս երկիրը, շնորհիւ Սուրիոյ խոհեմ կառավարութեան ընձեռած պայմաններուն, որուն համար երախտապարտ է մեր ժողովուրդը»:
Հայերէն բացման խօսքով Սագօ Խալոյեան յայտնեց, որ այսօրուան հաւաքին նպատակն է Սուրիոյ Երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասնակցութեան կարեւորութիւնը շեշտելը։ Ապա դիտել տուաւ.«Դարեր շարունակ ապրեցանք Սուրիական Հայրենիքի հողին վրայ, առաւել եւս վերջին պատերազմի շրջանին հաստատեցինք սուրիացիի մեր ինքնութիւնը՝ մեր նահատակներու արեամբ։ Մեր հաւատարմութեան ուխտը իրականացուցինք գործնականօրէն, լի ու լի կատարեցինք քաղաքացիի մեր պարտաւորութիւնները եւ ահա եկած է պահը, որ գործադրենք մեր իրաւունքը, ուղուելով քուէատուփեր եւ մեր ձայնը տալով ազգընտիր թեկնածուին։ …Միասնութիւնը ուժ է, քուէն ուժ է, հետեւաբար մեծագոյն ուժի արտայայտութիւնը մեր միասնական խօսքն է, որ եկած ենք այսօր արտասանելու»։
Այս առիթով յաջորդաբար խօսք առին Սուրիոյ երեսփոխանական ընտրութեան թեկնածու Սաուսան Նիզար Խալիլի, որ դիտել տուաւ, որ ժողովուրդին ձայնը հասցնելու միակ հարթակը խորհրդարանէն ներս գործելն է: Ընտրական ցանկին մաս կազմող իրաւաբան Պուլոս Մկէրպէնէ, լուսարձակի տակ առաւ հայութեան ներդրումը սուրիական հայրենիքի  բարգաւաճ գործընթացին մէջ, ապա իր հօր յուշերուն անդրադառնալով ըսաւ. «Հայերը տարագրութենէն վերջ Սուրիա հասնելով միայն երկու բան ուզած են՝ ջուր եւ աշխատանք: Անոնք երբեք իրենց ապրուստին ապահովումը ուրիշին չեն վստահած»: 
Ազգի թեկնածու Ժիրայր Րէիսեան նկատել տուաւ.«Այսօրուան ձեռնարկը դրսեւորումն է հաւաքական աշխատանքին,  ամբողջական գիտակցութեան, հաւատքին, պատանիին ու տարեցին անսակարկ նուիրումին եւ ազգային միասնականութեան: Համայնքներ, միութիւններ եւ կազմակերպութիւններ բոլորը միատեղ, մէկ թեկնածուով ներկայանալու իմաստութիւնը դրսեւորեցին, որուն համար կը մնամ միշտ հպարտ եւ երախտապարտ: Այսօր պատասխանատուութեան հրամայականին առջեւ ենք, որպէս սուրիահայեր եւ սուրիացի քաղաքացիներ միասնական ճիգերով ազգային-քաղաքական գործերու հետապնդման մեր գործին առընթեր Սուրիական Հայրենիքի վերականգնումն ու վերածաղկումը խթանելու»: Ապա ան կոչ ուղղեց մեր հեղինակութիւնը  պահելու մեր վարկով: «Դառնանք հեղինակութիւն եւ ուժ՝ կատարելով մեր ազգային պարտաւորութիւնը», եզրափակեց Րէիսեան:
Ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի «Շուշի» պարախումբը, իսկ ազգային եւ հայրենասիրական երգերով՝ հալէպահայ սիրուած երգիչներ՝ Մարիա Չիչեան, Խաչիկ Աշճեան, Կասիա Պաղտիկեան, Լուսի Տէր Յովհաննէսեան, Վահէ Յովհաննէսեան, Մարինէ Մարգարեան,  նուագակցութեամբ «Սպիտակ» նուագախումբին, գեղարուեստական ղեկավարութեամբ տոքթ. Ռաֆֆի Ապէճեանի։
Հուսկ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր գօտեպնդիչ խօսքով կոչ ուղղեց ներկաներուն միասնական ոգիով կատարելու իրենց քաղաքացիական եւ ազգային պարտաւորութիւնը, ուղուելով դէպի քուէատուփեր։ Ան իր պատգամին մէջ ըսաւ.«Սուրիահայը չ’աշխատիր յաղթանակելու համար: Հալէպահայը իր կեցուածքով արդէն իսկ յաղթանակած է: Անցնող ինը տարիներուն ընթացքին, մեր քաղաքական գիծը եւ կեցուածքը յաղթանակեցին, մենք յաղթահարեցինք բոլոր դժուարութիւնները՝ շնորհիւ մեր ժողովուրդին համբերատարութեան, թափած արեան եւ զոհողութիւններուն: Սոյն ընտրութիւններուն սուրիահայութիւնը անգամ մը եւս յաւերժական իր հաւատարմութիւնը պիտի յայտնէ Սուրիական Հայրենիքին: Տէր Զօրը անգամ մը եւս պիտի շնչէ,  պիտի ապրի եւ պիտի պայքարի՝ տէր դառնալով Սուրիական Հայրենիքին եւ հայկական մեր արժէքներուն: Մենք մեր քուէարկութեամբ եւ ազգի թեկնածու Ժիրայր Րէիսեանին ձայն տալով, մեր ազգը, եկեղեցին, ազգային կառոյցներն ու կազմակերպութիւնները կենսունակ պիտի պահենք: Մեր ազգի թեկնածուն ժողովուրդի ծոցէն ծնած պիտի շարունակէ իր առաքելութիւնը՝ յանուն ժողովուրդին բարօրութեան, եւ պիտի արտացոլացնէ մեր մտահոգութիւններն ու Սուրիական Հայրենիքին վերականգնումին նպաստելու վճռակամութիւնը: Մեր քուէն պիտի ըլլայ մեր հաւատարմութեան, ծառայութեան, ապահովութեան եւ ինքնապաշտպանութեան ձայնը: Միասնաբար հաւաքական աշխատանքով եւ միասնական ճիգով պիտի շարունակենք մեր երթը»:   
Լուսին Ապաճեան-ՉիլԱբօշեան