Երբ քաղաքական որեւէ նիւթի շուրջ քննարկում կատարուի, կարելի չէ պատերազմին չանդրադառնալ: Այս մէկը բնական կը թուի եթէ գիտնանք, որ մասնաւորապէս միջազգային յարաբերութիւններու մէջ պատերազմը կամ զինեալ հակամարտութիւնը ընդհանրացած երեւոյթ է, միեւնոյն ատեն արտացոլումն է պետութիւններու անհամապատասխան շահերուն: Այնպէս ինչպէս մարդիկ իրարու դիտմամբ վնաս կը հասցնեն, պետութիւններու միջեւ  եւս անհանդուրժողութիւնն ու գործակցութեան ձախողութիւնը կ’ուղղէ  զիրենք իրարու դէմ աշխատելու, մինչեւ իսկ՝ պատերազմելու:
Պատերազմի այս պարզ հասկացութիւնը դարերու ընթացքին բարդացաւ եւ զարգացաւ: Այսօր շատ մը երկիրներ կը պատերազմին նոյնիսկ առանց սեփական իրենց ուժերը օգտագործելու, այլ պետութիւններ կը պատերազմին առանց զէնքի կամ բանակի, իսկ ուրիշ պետութիւններ պատերազմի մէջ կրնան յայտնուիլ առանց իրենց գիտակցութեան:
 Անվիճելի է այն, որ արդի պատերազմի ձեւերն ու միջոցները տարբեր են անցեալի օրինակներէն, սակայն արդեօ՞ք նպատակներն ալ տարբեր են, արդեօ՞ք պատերազմը միջոց է խաղաղութիւն կերտելու, հետեւաբար կարելի՞ է խօսիլ արդար պատերազմներու մասին:
Իրականութեան մէջ ամբողջական պատասխաններ չկան այս առումով: Ոմանք ազատական միտքերէ մեկնելով պիտի ըսեն, որ լաւ պատերազմ գոյութիւն չունի, ոչ ալ վատ խաղաղութիւն: Ոմանք, ազգային շահերէ մեկնելով, իրենց մղած պատերազմները նուրբ վերնագիրներով պիտի զարդարեն, ուրիշներ ալ գիտական դիտանկիւնէ մեկնելով, իւրաքանչիւր պատերազմ խաղաղ իրավիճակի սպառնալիք ու միջազգային առողջ յարաբերութիւններու խոչընդոտ պիտի համարեն, իսկ այլ խաւեր պատերազմը որպէս փոփոխութեան ու անցեալէն աւելի լաւ համակարգի ստեղծման միջոց պիտի նկատեն:
Ես համոզուած եմ, սակայն, որ խաղաղութիւնը, արդարութիւնը կամ այսպիսի այլ իտէալներ զանազան իմաստներ ու վերլուծութիւններ կրնան ունենալ: Այսինքն, ինչ որ Չինաստանի համար արդար է ու իրաւական, հաւանաբար այդպէս չըլլայ Հնդկաստանի համար, իսկ եթէ Վրաստանը նկատի ունի իր բռնագրաւած հողերու ազատագրումը որպէս մշտական խաղաղութեան նախապայման, այդ մէկը  պիտի սեպուի Ռուսիոյ դիտանկիւնէն որպէս ազգային անվտանգութեան սպառնալիք:
Ի՞նչ պէտք է հասկնանք այս բոլորէն ուրեմն: Արդեօ՞ք  միջազգային միջավայրի մէջ խաղաղութիւնը անհասանելի երազ մըն է, արդեօ՞ք կարելի չէ ազգային կամ երկիրներու նեղ-նեղ շահերը մէկ կողմ դնել եւ համախմբուիլ մարդկային վեհ արժանիքներու շուրջ:
Իրապէս կարեւոր հարցումներ են ասոնք, որոնք կը կարօտին տրամաբանական պատասխաններու: Իմ կարգիս, մեր ապրած պայմաններէն մեկնելով, այս հարցումը ընթերցողներուն կ’ուղղեմ: Այսօր Հայաստան եւ Սուրիա կը գտնուին մեծ ուժերու կործանիչ հակամարտութիւններու ու մրցակցութիւններու գօտիին վրայ, ուստի ինչպէ՞ս կարելի է  առնուազն խաղաղութիւնը պահել, զէնք արտադրելն ու դիզելը լարուածութիւնները չե՞ն սրեր, անցեալէն քարտէզներ հանելը չի՞գրգռեր ժողովուրդներուն միջեւ արդէն իսկ լարուած յարաբերութիւնները: Միւս կողմէ, սակայն, եթէ զէնքի չդիմենք ու բաւարարուինք, գոհանանք մեր ներկայ վիճակով, խաղաղութեան պիտի հասնի՞նք…:
Հայկ Պաթթալեան