Պատկանեան ծնած է Նոր Նախիջեւան, յայտնի մտաւորականներու գերդաստանի մէջ։ Պատմական կարճ շեղում մը կ’ընենք, պարզելու համար, որ հայանուն այդ բնակավայրը կը գտնուի Ռուսիոյ հարաւը, Կովկասէն հիւսիս, Սեւ ծովէն արեւելք։ Ռուսաց Եկատերինա Բ. կայսրուհին, Տոն գետի ափին գտնուող Ռոստով բնակավայրը զարգացնելու նպատակով, 1779-ին Խրիմէն գաղթի կը մղէ 12.600 վաճառական ու արհեստաւոր հայեր։ Անոնք իրենց նոր բնակավայրը կը կոչեն Նախիջեւան, որ շուտով կ’անուանուի Նոր Նախիջեւան, տարբերելու համար հայկական բուն գաւառակէն։ Հայերը կարճ ժամանակի մէջ կը շէնցնեն քաղաքն ու շրջակայ գիւղերը, կ’ունենան 6 եկեղեցիներ, վանք մը, տպարան, արհեստից, առեւտուրի, արական ու իգական դպրոցներ, թատրոն, թերթեր եւ նոյնիսկ քաղաքի զինանշան՝ մեղուափեթակ։ Գաղութ մը, որ մինչեւ օրս կը ջանայ պահել հայեցիութիւնը՝ ի շնորհիւ (կամ ի ցաւ) Հայաստանէն գաղթին։ Չմոռնանք յիշել, որ նորնախիջեւանցի էին նաեւ Միքայէլ Նալբանդեանը, Մարտիրոս Սարեանը, Սիմոն Վրացեանը եւ այլ նշանաւոր անձեր։
Աւարտելէ ետք Մոսկուայի Լազարեան ճեմարանը (1815-1921), Պատկանեան ուսանած է նաեւ Մոսկուայի, Պեթերսպուրկի ու Թորպատի (Էսդոնիա, Խ. Աբովեանի ուսանած քաղաքը) համալսարաններուն մէջ։ Անոր ազգային գիտակցութեան վրայ հսկայական ազդեցութիւն ունեցած է Լազարեան ճեմարանը, որ շուրջ մէկ դար կովկասահայ ու ռուսահայ երիտասարդներուն կատարեալ գիտութիւն ջամբելու եւ անոնց հոգիները հայօրէն թրծելու դարբնոց էր (Ներկայիս Մոսկուայի Հայկական նրբանցք կոչուած փողոցը գտնուող Լազարեան ճեմարանին շէնքը Հայաստանի Հանրապատութեան կը պատկանի։ Հոն է ՀՀ դեսպանատունը)։
Պատկանեան կարճ շրջան մը ապրած է Թիֆլիս, դասաւանդած է Ներսիսեան դպրոցին մէջ եւ հօրը՝ Գաբրիէլ քահանային հետ հրատարակած է կովկասահայոց առաջին թերթը՝ «Արարատ»։ Այս շրջանին ալ Թիֆլիսի բարբառով թիֆլիսահայոց բարքերու մասին երգիծական քերթուածներ գրած է։ Այնուհետեւ ամբողջ կեանքը ապրած եւ ստեղծագործած է ծննդավայրին մէջ։
Գրապայքարի անզիջում մարտիկը
Այս ասպարէզին մէջ Պատկանեանի ունեցած դերին մասին խօսելէն առաջ քիչ մը աւելի ընդարձակ շեղում կատարենք ու յիշենք, թէ ի՛նչ էր գրապայքարը։ Լեզուի մասնագէտներ յստակ գիտեն, իսկ մնացեալ մարդիկ իրենց ընթերցումներէն ու տրամաբանօրէն կ’անդրադառնան, որ որեւէ լեզու մշտական զարգացումի, փոփոխութիւններու եւ այլ լեզուներու հետ փոխազդեցութիւններու ենթակայ է։ Հինգերորդ դարէն գրական լեզու դարձած գրաբարը այսօր մենք կը գործածենք միայն եկեղեցւոյ մէջ։ Անկէ ետք եղող Կիլիկեան հայերէնը (Նաեւ՝ միջին հայերէն կամ ռամկօրէն) առաւել անծանօթ է ժողովրդեան լայն խաւերուն, քանի որ կը հանդիպի միայն միջնադարեան գրականութեան մէջ։ Իսկ աշխարհաբար կոչուածը, իր երկու՝ արեւելահայ ու արեւմտահայ ճիւղերով, իր վերջնական իրաւունքը նուաճեց 19-րդ դարու կէսերուն։
Գիրն ու գրականութիւնը ժողովուրդէն հեռացեր ու չինական այբուբեն դարձեր էին։ Անոր կը տիրապետէին սակաւաթիւ կրթուած մարդիկ եւ հոգեւորականներ։ Իսկ ժողովուրդը, նայած ապրած միջավայրին, կը խօսէր բարբառային ու օտար լեզուներու բառերով, խառն, անմշակ լեզուով։ Այս պայմաններուն տակ դժուարութիւն էր իբրեւ գրաւոր լեզու տիրող գրաբարով կրթել ժողովուրդը։ Մինչդեռ Զարթօնքի սերունդի յառաջադէմ մտաւորականութեան այն խաւը, որ կրթուած էր եւրոպական ու ռուսական համալսարաններուն մէջ՝ շատ աւելի մեծ նպատակներ կը հետապնդէր։ Այդ մեծ նպատակը կը հետապնդէր Խաչատուր Աբովեան, երբ իր «Վէրք Հայաստանի»ն կը գրէր անմշակ ժողովրդական լեզուով, ճամբայ բանալով յաջորդներուն։
Զարթօնքի սերունդի կրթուած մտաւորականները, եւրոպական ժողովուրդներու ազատագրական շարժումներուն ծանօթ ըլլալով, կ’երազէին հայրենի պետականութեան վերականգնումը, որ կարելի էր միայն զինեալ պայքարով։ Մինչդեռ 600-ամեայ թրքական տիրապետութիւնը բթացուցեր էր հայ մարդուն ազգային գիտակցութիւնը եւ արժանապատուութիւնը։ Ազգին միտքը լուսաւորելու, հայրենիքին հանդէպ սէր ու ազգային հպարտութիւն ներշնչելու, յանուն ազատութեան նահատակուելու գաղափարը սերմանելու լաւագոյն միջոցները այդ օրերուն բոլորին հասկնալի հայերէնով մամուլը, դպրոցը եւ թատրոնն էին։ Ժողովրդական լեզուն (աշխարհաբար) մաքրելու եւ հարստացնելու աշխատանքը, հայաշխարհի երկու հատուածներուն մէջ ալ, կը տարուէր 1850-60-ականներուն՝ բուռն պայքարի մթնոլորտի մէջ։ Գրաբարի կողմնակիցները անընդունելի կը նկատէին ճոխ ու գեղեցիկ գրաբարը փոխարինել ռամիկ՝ կոշտ ու անմշակ լեզուով։ Կարծիքները շատ էին, ոմանք յոյս կը յայտնէին աշխարհաբարի միջոցով աստիճանաբար մօտենալու գրաբարին, ոմանք այդ մէկը հնամոլութիւն կը սեպէին, ոմանք կ’ողջունէին ու հարստութիւն կը նկատէին նոյն ատեն կազմաւորուող գրական լեզուի երկու ճիւղերու գոյութիւնը, ուրիշներ վախ կ’արտայայտէին, թէ այդ մէկը ազգը առաւել մասնատումի կը տանի։
Ռափայէլ Պատկանեան արեւելահայ գրապայքարի առաջին շարքերուն էր։ Ս. Փեթերսպուրկ ուսանելու տարիներուն՝1855-ին, խումբ մը ընկերներու հետ սկսած էր հրատարակել «Գամառ-Քաթիպա» տետրակները, ուր սուր պայքար կը մղէր տակաւին յամեցող գրաբարամոլներուն դէմ։ Առաջին տետրակի ճակատին գրուած էր՝ «Գրէ՛ այնպէս ինչպէս որ խօսում են, խօսէ այնպէս, ինչպէս որ գրում են»։ Այնուհետեւ կը գրէ. «Հիմի օրէցօր սակաւանում է գրաբարամոլների թիւը, որոնք եգիպտացւոց քուրմերի նման սեփականացրել էին իրանց բոլոր գիտութիւնները եւ արուեստները, անմատչելի անելով ժողովրդի համար գիրը եւ տպագրութիւնը։ Հիմի ամէնն էլ գիտեն, որ գիտութիւնը սեփականութիւն չէ միայն ընտրելոց, այլ համայն ազգի եւ մարդկութեան»։ Յստակ է որ Պատկանեան եւս, Աբովեանի նման, կողմնորոշուած էր դէպի «հարիր հազարը», այսինքն՝ դէպի ժողովուրդը։ Ան ժողովրդական խօսուածքով ալ գրեց իր «Քէօռօղլու» վիպերգը, Թիֆլիսի բարբառով քերթուածներ, իր մայրենի բարբառով՝ «Նոր Նախիջեւանի Քնար»ը եւ «Նախիջեւանեան Պատմուածքներ»ը։
«Նախ քաղաքացի եւ ապա պոէտ», ահա՛ սկզբունք մը, որուն անդաւաճան հետեւեցաւ Պատկանեան իր ստեղծագործական ամբողջ կեանքին մէջ։ Իր դաւանած քաղաքացին այն մարդն է, որ կ’անտեսէ սեփական նեղ շահերը, կ’ապրի իր երկրի, ազգի ու նաեւ մարդկութեան տագնապներով, որ գաղափարի զինուոր է եւ կեանքը պատրաստ է զոհել յանուն հայրենիքին ու իր դաւանած սկըզբունքներուն։ Անոր սկզբունքայնութիւնը դրսեւորուեցաւ ե՛ւ իր հրապարակագրութեան, ե՛ւ մանկավարժութեան ե՛ւ գրական ստեղծագործութեան մէջ։
Պատկանեան Գաբրիէլ Սունդուկեանին ներբողական մը ձօնած է՝ աշխատաւոր դասի շահերը պաշտպանելու եւ այլասերած մեծահարուստները քննադատելուն համար։ Այդ խօսքը, առանց որեւէ վերապահութեան, կը վերաբերի նաեւ իրեն.
Ազգիս շարաւոտ վէրքը լուանալ,
Լիրբ մեծատունին անվախ ապտակել,
Գոհարով ծածկուած կեղտերը բանալ,
Կեղծաւորների դիմակը պոկել
Ու խեղճ կինտոյին** դնել մարդու շար-
Այդ ամէնը զօրեց միայն քո հանճար։
Պատկանեան իր սկզբունքայնութեամբ կարելի է բաղդատել Յակոբ Պարոնեանի հետ։  Յանուն ճշմարտութիւնը լոյսին բերելու եւ «ազգի շարաւոտ վէրքը լուանալու» անոնք երկուքն ալ չքաւորութեան, պետական ծանր գրաքննութեան ու իրենց կողմէ ծաղրուած մեծահարուստներու հալածանքին ենթակայ եղան՝ գիտակցաբար, կամաւոր։ Լսենք երկուքին ալ խօսքերը։ Պատկանեան կը գրէ. «Ես… չեմ կարող եւ չուզեմ կեանքիս մնացորդը մի քանի խելացնող աղաներու խաթրին փոխել…մի՛ խոտորեսցուք ինձ ո՛չ իմ ուղղութիւնէն եւ ո՛չ համոզումներէն…»։ Ապա կը շարունակէ. «Ես գրել չեմ դադրիլ, քանի որ իմ մէջ կայ խղճմտանք եւ արդարութեան ձայն։ Ինձ գրել չի դադրեցնի ոչ գովասանք, ոչ հայհոյանք, ոչ վարձ եւ ոչ վախ, քանի որ գլխիս մէջ խելք կայ ու քանի որ կրծքիս մէջ սիրտ, ես կը գրեմ, բայց վա՜յ այն մարդուն, որ կ’աշխատէ գրիչը ձեռքէս առնելու, որովհետեւ իմ գիրչը ազգիս փառքի, պատուի ու բախտաւորութեան համար է…» ։
Պարոնեան կը գրէ. «Պիտի հալածուիմ, պիտի ծեծուիմ, վնաս չունի, Սոկրատ ալ հալածուեցաւ, ապագայ սերունդը պիտի անմահացնէ իմ անունս»։ Ան եւս, իր իսկ բառերով՝ կը նախընտրէ «խոտ ուտել» ու ճշմարտութիւնը խօսիլ, քան թէ պնակ լզել, այսինքն՝ սեփական շահի սիրոյն շողոքորթել ագահ ու ազգին արիւնը ծծող աղաները։
Ինչպէս որ Պարոնեան՝ թուրք պետութեան, նոյնպէս ալ Պատկանեան կը քննադատէր ռուս պետութեան հայահալած քաղաքականութիւնը, ուստի գրաքննութիւնը մշտապէս կը հետեւէր անոր գրածներուն։ Նամակի մը մէջ ան կը գրէ. «Արդէն վաղուց է ցենզուրան (գրաքննութիւն) իմ գրիչի վրան իր կնիքը դրել, եթէ Գամառ Քաթիպան կամ Սիւլլուկը (իր ծածկանուններէն-Լ. Մ.) գարնան տերեւների դալարութիւնը եւս գովեն, նա պիտի տեսնէ կամ ջանայ տեսնելու տէրութեան դէմ մի ձգտմունք»։ Գրագէտը կը ստիպուէր յաճախ ծածկանուններ փոխել, ինչպէս՝ Ախտամերկեան, Խամչի, Նշտրակ, Պիզ, Տամղա, Ճանկով Մանուկ, Աշուղ Կարապետ եւ այլն։
Նոր Նախիջեւանի աղաներուն հանդէպ Պատկանեանի քննադատութիւնը չափազանց սուր եւ անզիջում եղած է։ Կը յիշուի փաստ մը, թէ երբ բանաստեղծը մահամերձ էր, անոր տուն խուժած են աղաներու մարդիկ՝ ձեռագիրները խլելու, եւ բանաստեղծի տղան հազիւ յաջողած է զանոնք փախցնել։
(շար. 2)
Լալա Միսկարեան-Մինասեան
________________________________________________
** Թիֆլիսի մէջ աշխատաւոր դասակարգ՝ փերեզակ, շրջուն մանրավաճառ, (նկատի ունի Սունդուկեանի «Պեպօ» տրամի հերոս ձկնորս Պեպօն)։