ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական Միութիւնը յայտարարութիւն տարածած է, ուր կոչ ուղղած է միջազգային հանրութեան շահագրգիռ ենթականերուն` Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան պետական սահմանին ստեղծուած իրավիճակին մասին:

«Արդեն քանի մը օր է, ատրպէյճանական արարքին հետեւանքով ծայրաստիճան լարուած է իրադրութիւնը հայ-ատրպէյճանական միջպետական սահմանի Տաւուշի ուղղութեամբ:

Կոպտօրէն արհամարհելով ինչպէս միջազգային իրաւունքի հանրաճանաչ ձեւաչափերը, ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան ու Հելսինքիի Եզրափակիչ շարժումի պահանջները, 1994 եւ 1995 թթ․ եռակողմ եւ անժամկէտ զինադադարի համաձայնագրերը, Ատրպէյճանական ռազմաքաղաքական իշխանութիւնը ձեռնմուխ եղած է իրավիճակը ծայրաստիճան լարելու մարտավարութեան, որ յղի է անկանխատեսելի հետեւանքներով ոչ միայն հայ-ատրպէյճանական սահմանին վրայ, այլեւ ամբողջ տարածաշրջանին:
Ատրպէյճանական իշխանութեան նման անպատասխանատու կեցուածքը նաեւ արհամարհանք է ԵԱՀԿ-ի եւ ՀԱՊԿ-ի հանդէպ, որոնց լիիրաւ անդամ է Հայաստանը: Նկատի առնելով բանակցային գործընթացի ձեւաչափը եւ անոր համանախագահութեան կազմը` Ատրպէյճանի նման քաղաքականութիւնը անյարգալից վերաբերմունք է նաեւ ՄԱԿ-ի անվտանգութեան Խորհուրդի նկատմամբ: Ատրպէյճանական իշխանութիւնները նոյնիսկ հետ չպահեց ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարին` համավարակի օրերուն միջազգային զինադադար ապահովելու կոչը:
Յատկանշական է, որ ատրպէյճանական սադրիչ գործողութիւնները եւ ՀՀ պետական սահմանի ու քաղաքացիական բնակչութեան նկատմամբ իրականացած արարքը անթաքոյց կը սատարեն Թուրքիոյ բարձրագոյն իշխանութեան կողմէն: Իր հարեւան տարածաշրջաններուն ռազմաքաղաքական իրավիճակը մշտապէս լարուած պահող, հարեւաններու ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ ոտնձգութիւններով յայտնի թրքական պետութիւնը այժմ անուղղակիօրէն ձեռնմուխ եղած է Հայաստանի հիւսիս-արեւելեան սահմաններու լարման:
Նկատի առնելով Հարաւային Կովկասի մէջ ստեղծուած ռազմաքաղաքական իրավիճակը, անոր հնարաւոր զարգացումներու անկանխատեսելի բնոյթը, նախ եւ առաջ պայմանաւորուած է Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան` այլ պետութիւններուն հետ ունեցած ռազմական փոխօգնութեան համաձայնագիրերով, կը պահանջենք շահագրգռուող միջազգային կազմակերպութիւններէն, առաջին կարգին` ՄԱԿ-էն, ԵԱՀԿ-էն եւ ՀԱՊԿ-էն, ինչպէս նաեւ Մինսքի խումբի անդամ պետութիւններէն
-Գործուն եւ յստակ քայլերով սանձել Պաքուի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան արարքը,
-Քաղաքական գնահատական տալ ատրպէյճանական առաջապահ ստորաբաժանումներու գործողութիւններուն` քաղաքացիական բնակավայրերու թիրախաւորման: Անհրաժեշտ է գնահատել նաեւ, Ատրպէյճանի զինուորական ուժերու հրետանային մարտկոցներու տեղակայումը սեփական բնակավայրերու բնակելի տարածքներէն ներս, որ «Պատերազմի Ընթացքին Քաղաքացիական Բնակչութեան Պաշտպանութեան մասին» Ժնեւի 1949 թուականի համաձայնութեան կոպտագոյն խախտում է,
-Կատարել Հայաստանի Հանրապետութեան նկատմամբ ստանձնած միջազգային պարտաւորութիւնները,
-Հարաւային Կովկաս լիցքաթափել ռազմաքաղաքական իրավիճակը:
Առաջադրելով այս պահանջները` վճռականօրէն կանգնած ենք հայոց բանակի կողքին, հայրենիքի պաշտպանութեան առաջնային դիրքերը», նշուած է յայտարարութեան մէջ: