Մոնրէալի «Հայ Հորիզոն» պատկերասփիւռի ընկերութիւնը զրոյցի հրաւիրած է ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր-խաչատուրեանը: Տէր Խաչատուրեան,ՀՅԴ Բիւրոյի յայտարարութեան եւ այլ հարցերուն շուրջ ըսած է. «Այս դժուարին պահուն ՀՅ Դաշնակցութիւնը` իր աշխարհասփիւռ կառոյցով, Հայ Դատի Յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու ցանցով, ուղեկից միութիւններով ու համակիրներով, կանգնած է Հայոց զոյգ պետութիւններուն, Հայոց բանակի կողքին: Ինչպէս միշտ, մենք պատրաստ ենք մեր բոլոր կարելիութիւններն ու կարողականութիւնը ի սպաս դնել Հայրենիքի ու հայութեան անվտանգութեան ու զարգացման»: