Սթրազպուրկի մէջ ոստիկանները ատրպէյճանցի ցուցարարներուն թոյլ չեն տուած մօտենալ Եւրոպայի Խորհուրդի Խորհրդարանի Վեհաժողովի Հայաստանի ներկայացուցչութեան: Աւելի ուշ հոն հասած էին Ֆրանսայի հայերը, որոնք հայ-ատրպէյճանական սահմանին Ատրպէյճանի կողմէն հրահրուած լարուածութեան լոյսին տակ միասնութեան ցոյց իրականացուցած էին հայրենասիրական երգ ու պարի ուղեկցութեամբ:
Շարժումին մասնակից, Հայորդի երիտասարդաց միութեան նախագահ Դաւիթ Յովսէփեան ըսաւ, որ շարժումին մասնակցած է 250-300 հայ: «Հաւաքուած էինք հոն, որպէսզի ցոյց տայինք, որ հայերը ամէն վայրկեան, ամէն րոպէ պատրաստ են համախմբուելու: Ատրպէյճանցիները պէտք է ըլլային մեր հիւպատոսարանին դիմացի մայթը, բայց մենք այնքան շատ էինք, որ ոստիկանութիւնը անոնց թոյլ չտուաւ մօտենալու շէնքին: Անոնց մօտաւորապէս 150 մեթր հեռաւորութեան վրայ պահած էին»,պատմեց Յովսէփեան:
Ան յայտնեց, որ շարժումին հայ մասնակիցներու դիմաց մօտաւօրապէս 3 կամ 4 ոստիկան կանգնած է , իսկ ատրպէյճանցիներուն մօտ 2-3 մեքենայով ոստիկաններ եղած են, որոնք փակած են ճանապարհները, որովհետեւ գիտէին, թէ որոնք են իրական ցուցարարները:
Ճանապարհները փակելէն ետ ոստիկաններէն մէկը մօտեցած է Դաւիթ Յովսէփեանին ու տեղեկացուցած է, որ ատրպէյճանցիներուն թոյլ պիտի չտան մօտենալու կառոյցին եւ անոնց հեռու պահած են: «Մենք կրկին յաղթող դուրս եկանք, որովհետեւ ատրպէյճանցիները հիւպատոսարանի շէնքին դիմաց կանգնելու թոյլտուութիւն ունէին, իսկ մենք չունէինք, բայց ամէն ինչ ընթացաւ այնպէս, ինչպէս մենք կը փափաքէինք: Անոնք մեր դրօշակէն շատ հեռու մնացին: Մենք մեր ներկայութեամբ թոյլ չտուինք, որ ատրպէյճանցիները մօտենան մեր կառոյցին, մեր դրօշակին: Մեզի համար այս յաղթանակ մըն է, ու անոնք պէտք է հասկնան, որ սփիւռքի հայերուն դէմ ոչինչ կարելի չէ ընել: Ինչպէս առաջնագիծի վրայ կը ջախջախուին հերոս զինուորներուն կողմէն, նոյնպէս ալ պէտք է ջախջախուին սփիւռքի կողմէն»,շեշտեց շարժումի մասնակիցը ու աւելցուց, որ բախումներ չեն եղած, իսկ շարժումի աւարտին ոստիկանները հայերուն շնորհակալութիւն յայտնած են կարգուկանոն պահպանելուն համար:

Անժէլա Համբարձումեան