«Երկիր».-Լոյս տեսած է բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու, Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոնի տնօրէն Հայկազուն Ալվրցեանին` «Հայաստանի Հանրապետութեան Պետական Խորհրդանշանները» խորագիրով յոյժ կարեւոր ուսումնասիրութիւնը:

Աշխատութեան մէջ ներկայացուած է Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդանշաններու (դրօշ, զինանշան, օրհներգ) ընդունման համառօտ պատմութիւնը 1918-1920 թթ. եւ անոնց իմաստներուն ու խորհուրդներուն գիտական մեկնութիւնը:
Հանրայայտ իրողութիւն է, որ խորհրդանշաններու հիմք կը կազմեն տուեալ ազգի պատմութեան կարեւորագոյն եւ առանցքային նշանակութիւն ունեցող իրադարձութիւններն ու փուլերը, որոնք այդ ազգին եւ անոր կերտած պետութեան կեանքին մէջ ունեցած են պետականաստեղծ կամ վճռական դերակատարութիւն:
Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդանշաններու հիմքը կը կազմեն.
ա. Հայ ազգի պատմութիւնը` Մեծ ջրհեղեղէն մինչեւ առաջին պետականութեան հիմնումը, այդ պետականութեան տարբեր փուլերու կարեւորագոյն իրողութիւններու արձանագրումը (հիմնականօրէն` զինանշանին մէջ):
բ. Քաղաքակրթական ինքնատիպութեան եւ ինքնուրոյն` հոգեւոր-կրօնական-մշակութային պատմութեան կարեւորագոյն իրողութիւններու արձանագրումը (հիմնականօրէն` դրօշակին մէջ):
գ. Ազատութեան, պետականութեան վերականգնման եւ ազգային իղձերու իրականացման համար մղած կենսահաստատ պայքարի գաղափարը (հիմնականօրէն` օրհներգին մէջ):
Ուշագրաւ է այն հանգամանքը, որ երեք խորհրդանշանները անցած են պատմական հոլովոյթի միջոցով եւ ազատագրական պայքարի բովով ձեւաւորուած են:
Փաստօրէն մինչեւ ՀՀ Խորհրդարանի կողմէն ընդունուիլը` ասոնք կամ ասոնց նախնական տարբերակները հայ ազգի կողմէն արդէն իսկ ընդունուած են որպէս ազատագրական պայքարի խորհրդանշաններ: